image
Հրատապ լուրեր:

Ելետրական հոսանքի վերականգնում Զապորոժիէի մէջ

Ելետրական հոսանքի վերականգնում Զապորոժիէի մէջ

Զապորոժիէի Աթոմային ելեկտրակայանի (ԱԷԿ) ջերմուժի մատակարարումը արտաքին գիծով վերականգնուած Է: Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնԷ «Արմէնփրէս»-ը, 18 հոկտեմբերին ըսուած Է Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան (ՄԱԳԱՏԷ) ղեկավար Ռաֆայէլ Կրոսիի յայտարարութեան մէջ:

«Զապորոժիէի Աթոմային ելեկտրակայանը (ԶԱԷԿ) վերականգնած Է միացումը ելեկտրահաղորդման իր միակ մնացած գործող գիծին (750 քիլոուոլթ լարուածութեամբ) այն բանէն ետք, երբ այն երրորդ անգամ կորսուած էր տասն օրուան ընթացքին»,-ըսուած Է Գործակալութեան կայքին մէջ տարածուած յայտարարութեան մէջ:

Աւելի վաղ Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութենէն (ՄԱԳԱՏԷ) հաղորդած էին, որ  Զապորոժիէի Աթոմային ելեկտրակայանի արտաքին ջերմուժի մատակարարումը տասն օրուան մէջ դադրած Էր արդէն երրորդ անգամ: Աթոմային ելեկտրակայանը ելեկտրականութիւն ստացած է պահուստային համակարգի միջոցով:

Զապորոժիէի Աթոմային ելեկտրակայանը ամենախոշոր աթոմակայանն Է Եւրոպայի մէջ, այն ունի վեց ուժանիւթային միւոր: Ներկայիս կայանը ելեկտրական ուժանիւթ չի մշակեր. սեպտեմբեր 11-ին դադրեցուած Է վերջին աշխատող հիւլէական բարդը, հաղորդած Է «Ինթըրֆաքս»-ը: