image

Եգիպտոս Հնդկաստանէն 180 հազար թոն ցորեն պիտի գնէ

Եգիպտոս Հնդկաստանէն 180  հազար   թոն  ցորեն պիտի  գնէ

Եգիպտոսը, որ աշխարհի մեծագոյն ցորեն ներկրող պետութիւններէն է, այլընտրանքներ կը փնտռէ` սեւծովեան հացահատիկի արտահանման համար, որոնք Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակին պատճառով կ'ընդհատուին: Մինչ այս Ռուսիոյ Դաշնութիւնն ու Ուքրանիան Եգիպտոսի համար ցորենի ներկրման հիմնական մատակարարները եղած են:

 

Եգիպտոսը Հնդկաստանէն 180 հազար թոն ցորեն գնելու պայմանագիր կնքած է, կը յայտնէ «Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութիւնը, վկայակոչելով մատակարարման նախարար Ալի Մոսելիին:

Եգիպտոսը, որ աշխարհի մեծագոյն ցորեն ներկրող պետութիւններէն է, այլընտրանքներ կը փնտռէ` սեւծովեան հացահատիկի արտահանման համար, որոնք Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակին պատճառով կ'ընդհատուին: Մինչ այս Ռուսիոյ Դաշնութիւնն ու Ուքրանիան Եգիպտոսի համար ցորենի ներկրման հիմնական մատակարարները եղած են:

Խոչընդոտներէն բացի, բարձրացած է նաեւ ցորենի արժէքը, իսկ Եգիպտոսի մէջ կառավարութիւնը իր 70 միլիոն բնակչութեան համար օժանդակութիւն յատկացուցած է հացին:

Մայիսին Եգիպտոսը Հնդկաստանի հետ համաձայնութեան եկած էր` 500 հազար թոն ցորեն գնելու վերաբերեալ, սակայն Հնդկաստանը արգիլած էր ցորենի արտահանումը`սեփական պաշարներու պակասութեան պատճառով: Աւելի ուշ այն թոյլտուութիւններ սահմանած է պարէնային անվտանգութեան կարիք ունեցող երկիրներու համար, ինչպիսին Եգիպտոսն է:

Մոսելին նշած է, որ ցորենի ներկրման նպատակով կը բանակցին նաեւ Ռուսիոյ հետ:

Ան յաւելած է, որ 2022/23 ֆինանսական տարուան մէջ կը նախատեսուի տնտեսել մօտ 500 հազար թոն ներկրուած ցորեն` ներկրելով 5-ից 5,5 միլիոն թոն: Ցորենի ներկայիս առկայ պաշարները կը բաւարարեն 5,7 ամիս: