Գահիրէի «Ազատութեան» զբօսայգիին մէջ՝ «Եգիպտացի եւ հայ ժողովուրդներու պատմական յարաբերութիւնը» խորհրդանշող յուշարձանը վերանորոգուեցաւ։
«Արեւելք» այս մասին իմացաւ Հայ Դատի Եգիպտոսի մարմնի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Եգիպտոսի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան ջանքերուն շնորհիւ 15 Ապրիլի 2007-ին, Գահիրէի Ազատութեան՝ «Ալ-Հուրիա» զբօսայգիին մէջ տեղադրուեցաւ «Եգիպտացի եւ հայ ժողովուրդներու պատմական յարաբերութիւնը» խորհրդանշող յուշարձան մը։ Բացման ներկայ էին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարն ու Գահիրէի նահանգապետը։
Յուշարձանը ստեղծագործութիւնն է, եգիպտահայ արուեստագէտ Սարգիս Թոսունեանին, որ ծնած է Ալեքսանտրիա 1953 թուականին։ 1979-ին ան աւարտած է գեղարուեստի մասնագիտութեան, քանդակագործութեան բաժինը։
«Ազատութեան» զբօսայգին հիմնուած է Գահիրէի շինարարական վերածնունդի ժամանակաշրջանին, Ալխատիաուի Իսմայիլի օրով, որ կ՚ուզէր մայրաքաղաքը նմանցնել Եւրոպայի։ Հետեւաբար, ան սկսած է հանրային պարտէզներ հիմնել եւ զանոնք հարստացնել երկարակեաց եւ հազուագիւտ ծառերով։ Այդ այգիներէն մէկն ալ «Ազատութեան այգի»ն է, որ հիմնուած է 1876-ին, եւ այն ժամանակ յայտնի էր որպէս «Նեղոսի այգի»։
Այս բնական միջավայրին մէջ կանգնեցուած են Եգիպտոսի եւ աշխարհի՝ մտքի, մշակոյթի խորհրդանիշները ներկայացնող, ինչպէս նաեւ անկախութեան ջատագովներու արձանները: