Այդ անձնաւորութիւնը որեւէ կերպ չէ եղած փախուստի մէջ, ի՞նչն է խնդիրը, որ ոստիկանութիւնը պէտք է 3-4 ինքնաշարժներով անհամաչափ ուժ գործադրելով, սպասէր իրենց տան բակը եւ բերման ենթարկէր: Այս մասին նշեց ԱԺ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր Աննա Մկտրչեանը՝ անդրադառնալով «Քաղաքացիական գիտակցութիւն» ՀԿ-ի նախագահ Նարեկ Սամսոնեանը բերման ենթարկելուն:
«Սա հերթական շօ է, Նիկոլ Փաշինեանի բռնաճնշումներով իշխանութիւնը պահելու հերթական վառ ապացոյցն է: Նիկոլահպատակ ոստիկանները հասկանում են՝ ինչ են անում, բայց ցաւում եմ, որ իրենց մասնագիտական ու մարդկային արժանապատուութիւնը նահանջում է այն ուղղահայեաց հրամայականին, որն ստանում են գործադիր իշխանութիւնից», ըսաւ ան:
Նշենք, որ այսօր առաւօտեան իր տան բակէն բերման ենթարկուած է «Քաղաքացիական գիտակցութիւն» ՀԿ-ի նախագահ Նարեկ Սամսոնեանը, ու աւելի ուշ ձերբակալուած է: «Ան առաջին անձն է, որը ձերբակալւում է ծանր յանցագործութեան համար», իր էջով գրած էր «Իրաւական ուղի» ՀԿ համահիմնադիր Ռուբէն Մելիքեանը։