ԼՂՀ- Հ.Յ.Դ. Լիբանանի պատանեկան միութեան անդամներու պատուիրակութիւն մը Արցախ այցելութեան ծիրէն ներս ընդունուած է ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի կողմէ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ ԼՂՀ Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութիւնը, յայտնելով նաեւ, թէ ողջունելով լիբանանահայ պատանիները` խորհրդարանի ղեկավարը բարձր գնահատած է անոնց այցելութիւնը Արցախ` նշելով, որ այն իւրօրինակ հնարաւորութիւն է անմիջականօրէն հաղորդակից ըլլալու ազգային պատմութեան ու մշակոյթին: Այս ծիրէն ներս Ազգային ժողովի նախագահը կարեւոր համարած է հայրենիք ապրող իրենց հասակակիցներուն հետ կապերու ամրապնդման ու տեղական համայնքներուն մէջ հայկական ինքնութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը:Աշոտ Ղուլեան պատանի հայրենակիցներուն ամփոփ տեղեկութիւններ ներկայացուցած է արցախահայութեան ազատագրական շարժման, ազատ ու անկախ երկրորդ հայկական պետութեան ձեռքբերումներուն վերաբերեալ` ընդգծելով երկրի զարգացման գործին մէջ Սփիւռքի ունեցած ծանրակշիռ դերակատարութիւնը:Հանդիպման աւարտին ծաւալած ջերմ ու անմիջական զրոյցին ընթացքին լիբանանահայ պատանիներէն շատերը յետագային Արցախ հաստատուելու փափաք յայտնած են: