Դամասկոսի օդակայանը միջազգային թռիչքներ պիտի վերսկսի 7 յունուարէն սկսեալ, յայտնած է Սուրիոյ քաղաքացիական օդային վարչութեան ղեկավար Ահմատ Ալ Սալիպի։
Սուրիոյ մէջ 8 դեկտեմբերին տեղի ունեցած իշխանափոխութենէն յետոյ երկրին մէջ ժամանակաւորապէս փակուած են օդակայանները։ 13 դեկտեմբերին, Դամասկոսի եւ Հալէպի մէջ վերսկսած են արտասահմանեան օդանաւներու թռիչքները միայն յատուկ թոյլտուութեամբ: