Սուրիոյ կառավարութիւնը յամառօրէն կը պնդԷ, որ Թուրքիան անյապաղ դուրս բերէ իր զօրքերը երկրի հիւսիսային նահանգներու տարածքէն:
Սուրիոյ արտաքին գործերու նախարար Ֆէյսալ Մըքտատ ըսած է. «Ես կը կարծեմ, որ Թուրքիան պէտք է անյապաղ դուրս բերէ զօրքերը: Միջազգային հանրութիւնը, իր հերթին, պէտք Է աջակցի Սուրիոյ ջանքերոպն՝ երկրի հիւսիսին Թուրքիոյ կողմէ բռնազաւթուած տարածքներու ազատագրման ուղղութեամբ»: Մըքտատ յաւելած Է, որ լարուածութեան մագլցումին հիմնական պատճառը «թրքական գրաւումն Է, ինչպէս նաեւ այն աջակցութիւնը, որ Անգարան կը ցուցաբերէ ահաբեկչական խմբաւորումներուն երկրին մէջ:
Այս տարուան Օգոստոսին Սուրիոյ հարցերով ՄԱԿ-ի յատուկ յանձնակատար Հեյր Փիթըրսըն յայտնած էր անվտանգութեան ոլորտին մէջ իրադրութեան վատթարացման եւ Սուրիոյ առանձին շրջաններու մէջ զինուած հակամարտութիւնը սրելու մասին: Այն ժամանակ ան յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած էր Իտլիպի նահանգի իրադրութեան: