Հայոց Ցեղասպանութենէն պետականութիւն անցումը արագ էր, իսկ Առաջին Հանրապետութեան օրերը՝ կարճատեւ. Ընդամէնը 900 օր. Այդ օրերու պատմութիւնը վեր կը հանէ Գանատայի Արմէն-Գարօ ուսանողական միութեան նախաձեռնութիւնը՝ «Ցեղասպանութենէն Պետականութիւն. Հանրապետութեան 900 օրերը» խորագիրը կրող գիտաժողովը:
Նախաձեռնութիւնը համախմբած է Մոնթրէալ, Թորոնթօ եւ Օթթաուա քաղաքներու ուսանողական բոլոր միութիւնները՝ կոչ ընելով երիտասարդներուն ոգեւորել Հայոց պատմութեան այս կարեւոր շրջանի պատմութեան պատշաճ կերպով ծանօթանալու հարցին: 900 օրերու ձեռքբերումներն ու նշանակալի դերակատարումը Հայոց պատմութեան յետագայ ընթացքի վրայ պիտի ներկայացնեն խոշորագոյն ակադեմիկոսներ՝ պատմաբան Ռիչարտ Յովհաննիսեանը, լրագրող, փրոֆեսոր Վիգէն Չըթերեանը եւ գրող, հրապարակախօս Ռուպինա Փիրումեանը:
Մոնրթրէալի համայնքը՝ 3 միութիւններով
Մոնրթրէալը, որ Գանատայի ամենամեծ հայկական համայնք ունեցող քաղաքներիէն է, ունի 3 հայ ուսանողական միութիւններ, համալսարաններու մէջ հայ երիտասարդները քիչ թիւ չեն կազմեր: Մոնթրէալի համալսարանի հայ ուսանողական միութեան ատենապետ Արեւիկ Աֆարեանը ուրախութեամբ կը նշէ, որ հայ երիտասարդները բաւական աշխոյժ են, իսկ այս միջոցառումը համախմբած է շատերը: Աւելի քան 100 ուսանողներու ներկայութիւնը գիտաժողովին արդէն հաստատուած է.
«Ասիկա ցոյց կու տայ, որ հայ երիտասարդները հետաքրքրուած են, որովհետեւ շատ անգամ կը թուայ, որ հետաքրքրուած չեն: Այս անգամ մարդիկ աւելի կարծես թէ կ'ուզեն ներկայ ըլլալ: Ինչո՞ւ, հայերը շատ Ցեղասպանութեան մասին կը խօսին, բայց բաւարար չեն խօսիր յետագայ պատմութեան մասին, թէ Հայաստանն ինչ վիճակի մէջ էր»,-կը նշէ Արեւիկ Աֆարեանը:
Սա շրջան մըն է, որու մասին գոնէ Սփիւռքի շատ գաղութներ ամբողջովին տեղեկացուած չեն, Առաջին Հանրապետութեան տօնն ալ նոյնկերպ չի նշուիր, որքան Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցը: Տեղի կ'ունենան քայլերթներ, երեկոներ, սակայն առաջին անգամն է նման գիտաժողով կ'իրականացուի:
«Նպատակ ունի երիտասարդներուն բացատրել, թէ ինչպէս Առաջին հանրապետութիւնը հիմնուեցաւ: Մենք անշուշտ կը տօնենք Առաջին Հանրապետութեան տօնը, ձեռնարկ մը կը նուիրենք, բայց համալսարանական աշխարհի մէջ տեղի չունենար: Կարծեմ առաջին անգամն է, որ Հանրապետութեան համար ասանկ ձեռնարկ մը կայ, կարեւոր է, որ իմանանք՝ երկիրը ինչպէս ոտքի կ'անգնեցաւ»,-ըսած է ուսանողական միութեան ատենապետը:
Հետաքրքրուած են օտարները
Որքան հայ երիտասարդներու տեղակացուած ըլլալը կարեւոր է, նոյնքան ալ օտարազգի մասնագէտներու, որոնք եւս մասնակցութեան յատուկ հրաւէրք ստացած են: Ուսանողներու մտավախութիւնը, թէ անոնց կողմէն կրնայ մերժուիլ մասնակցութեան հրաւէրը, փարատուած է, երբ դրական արձագանգներ ստացած են: ուսանողուհին կը պատմէ.
«Մենք բաւական օտար ուսուցիչներու գրեցինք այս նիւթի մասին, ու ամէնէն պատասխաններ ստացանք, որ շատ հետաքրքրուած են: Կը կարծեմ մասնակցութիւնը կախում ունի իրենց ճիւղէն, ոլորտէն, փաստաբաններու համար հետաքրքիր պիտի ըլլայ անով, որ ինչպէս երկիր մը, որ զէրոյէն ետք ոտքի ելաւ, կրցաւ նոր հանրապետութիւն հիմնել, պատմաբաններու համար՝ թէ ինչպէս հայերը կրցան քով քովի գալ: 1918-ի Հանրապետութիւնը որ մէջտեղ ելաւ, դեմոկրատիկ կը հաշւուի այդ թուականի համար, կիները գործի իրաւունք ստացան, այնուհետեւ Հայաստանը ռուսական ազդեցութեան տակ ինկաւ, սովետական միութեան տակ ինկաւ, այս բոլորը մեզի համար հետաքրքրական է»:
Ի՞նչի մասին կը պատմեն «900 օրեր»ը
«Մենք գիտենք, որ Հայոց առաջին հանրապետութենէն ետք սովետական կարգերը հաստատուեցան, այդ ժամանակաշրջանը կարճ էր, երկու-երեք տարի, եւ այդ ձեւով փորձեցինք մենք 900 օր ըսել, որ մարդիկ իրենք հետաքրքրուին, թէ ինչ է աս 900 օրը, ինչու այսքան կարճ է, հետաքրքրութիւն ըլլայ, որ մասնակցին, տեսնեն ինչ է, ու օտարներն ալ ներկայ գտնուին: Դժբախտաբար անոնք շատ չեն գիտեր այդ պատմութեան մասին, գիտեն Ցեղասպանութեան մասին, բայց կ'ուզենք տեղեկացնել, թէ ինչպէս ոտքի կը կանգնի պետութիւնը, եւ ինչու կը տօնենք այս տարի»,-կ'աւելցնէ Սարգիս Կիտանյեանը:
Սարգիսը, որ Թորոնթոյի Սքարպորոյի համալսարանի Հայ ուսանողական միութեան ատենապետն է, կը վստահեցնէ, որ արդէն իսկ հետաքրքրութիւնը մեծ է միջոցառման հանդէպ, թէեւ չի ժխտեր, որ հայ ուսանողներու շարքին ալ կան երիտասարդներ, որոնց շատ չի հետաքրքրեր հայոց պատմութեան այս դասերը.
Այստեղ շատ աւելին է ուսանողնական միութիւններու թիւը, իսկ գիտաժողովը մեծ մասին ոգեւորած է, հետեւաբար արդէն 180-200 մարդու ներկայութիւն կ'ակնկալուի: Շատ երիտասարդներ ոչ միայն ներկայ գտնուելու, այլեւ կազմակերպչական աշխատանքներուն մէջ աջակցութիւն ցուցաբերելու պատրաստակամութիւն յայտնած են:
Քիչ, բայց համախմբուած
Գանատայի մայրաքաղաքը եւս քիչ թիւով մասնակիցներ չի սպասեր միջոցառման: Գէորգ Եկանեանը, որ Օթթավայի հայ ուսանողական միութեան ատենապետն է, կը վստահեցնէ, որ մօտ 200 անձեր կը մասնակցին, որքան ալ որ այս համայնքը միւս հայաշատ քաղաքներու համեմատ մշտապէս ուսանողներու թուի խնդիր ունեցած է:
«Օթթաուայի հայ համայնքը շատ մեծ չէ, հետեւաբար երիտասարդներն ալ շատ չեն: Սա միշտ եղած է Օթթավայի Հայ ուսանողական միութեան խնդիրը, բայց վերջին տարիներուն մենք կրցանք աշխոյժացնել հայ երիտասարդները, միութեան մէջ գրանցած ենք ուսանողներու թուի աճ: Քիչ ենք թիւով, բայց բաւականին համախմբուած ենք: Այդ մէկը կ'երեւի միջոցառումներ իրականացնելու ժամանակ: Դժուարութիւններ կան, սակայն մենք կարող գործադիր անդամներ ունեինք, որոնք ամէն ինչ կ'ընեն, որ հայ ազգը բարձր մակարդակով ներկայանայ Օթթաուայի մէջ»,-կը վստահեցնէ երիտասարդը:
Մասնակիցներէն 50-ը ուսանողներ պիտի ըլլան, սա արդէն իսկ լաւ ցուցանիշ է: Գէորգ Եկանեանը եւս կը հաստատէ ուսանող ընկերներու կողմէ բարձրացուած խնդիրը.
Հայերու կերպարը
Եթէ Գանատան հարուստ տեղեկութիւններ ունի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, ամենաբարձր մակարդակով ճանչցած է այն ու ամէն տարի կը յարգէ զոհերու յիշատակը, ապա անոր յաջորդող լուսաւոր էջերու մասին տեղեկութիւնները թերի են, հետեւաբար այսօր, Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակի առիթն օգտագործելով, այդ էջերը կը ներկայացնեն գանատացիներուն:
«Գանատան բաւական տեղեկացուած է Հայոց պատմութեան այդ հատորին, բայց ինչ կը վերաբերի պետականութեան զարթօնքին, կը կարծեմ, որ սա շատ կարեւոր է, քանզի Ցեղասպանութիւնը կը հանդիսանայ օտարազգիներու համար հայերու նոյնականացման հիմնական փաստը, ինչը վատ չէ, իհարկէ, սակայն հայերու կերպարը միայն Ցեղասպանութիւնով չէ, եւ սա հոյակապ առիթ է ներկայացնելու Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը: Օրինակ, շատ քչեր գիտեն, որ Հայաստանը այն առաջադէմ երկիրներէն մէկն էր, որ կանանց ընտրութեան հաւասար իրաւունք տուաւ, նոյնիսկ Գանատայէն առաջ»,-նշած է Եկանեանը:
Նիւթը ՝ «Նորանոր» կայքէն