ՀՀ քննչական կոմիտէի նախագահ Արգիշտի Քեարամեանը ափսոսանք յայտնած է Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցած միջադէպի համար։ Այս մասին ան այսօր յայտարարած է Ազգային Ժողովէն ներս լրագրողներու հետ ճեպացրոյցին։
Ինչպէս արդէն յայտնած ենք, որ հոկտեմբեր 15–ին խորհրդարանական լսումներու ժամանակ կիրքերը թէժացան, երբ Յովիկ Աղազարեանը դիտողութիւն ըրաւ Արգիշտի Քեարամեանին։
«Խորհրդարանի դահլիճում ինչ տեղի է ունեցել, տեղի է ունեցել բոլորիս աչքի առաջ, հետեւաբար, այդ հանգամանքներին կրկին անդրադառնալու իմաստ չեմ տեսնում»,–ըսած է ան։
Քեարամեանը տեղեկացուցած է, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ այդ թեմայով խօսակցութիւն չէ ունեցած։ Ան աւելցուցած է նաեւ, որ պատրաստ է ներողութիւն խնդրել հանրութենէն, եթէ իր գործողութեան մէջ հանրութիւնը խնդիր տեսնէ։
Ինչ կը վերաբերի Ազգային ժողովի մէջ Քեարամեանի ըրած յայտարարութեան վերաբերեալ նախաձեռնուած քրէական վարոյթին, ապա Քննչական կոմիտէի նախագահն ըսած է, որ իրեն հարցաքննութեան չեն կանչած։
Ան նաեւ հրաժարած է ըսել այն մարդոց անունները, որոնք իրեն զանգած են Յովիկ Աղազարեանի տղու հետ կապուած քրէական գործով, բայց վստահեցուցած է, որ իր ըսածները փաստերով հիմնաւորուած են։
«Ես դա չեմ համարել յանցանք, դրա համար չեմ բարձրաձայնել։ Բայց կարծում եմ` պէտք է ոչ միայն յանցանքները բարձրաձայնել, այլ նաեւ երեւոյթները»,– աւելցուցած է ան։
Յիշեցնենք, որ ՀՀ հակակոռուպցիոն կոմիտէէն ներս Քեարամեանի յայտարարութիւններու վերաբերեալ քրէական վարոյթ նախաձեռնուած է ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 486–րդ յօդուածի առաջին մասով (երկու դրուագ):