image

Ազգային Ժողովը յարգեց 27 Հոկտեմբերի զոհերու յիշատակը

Ազգային Ժողովը յարգեց 27 Հոկտեմբերի զոհերու յիշատակը

Ազգային ժողովը այսօր մէկ րոպէ լռութեամբ յարգեց «Հոկտեմբերի 27»–ի զոհերուն յիշատակը։ «Ուղիղ 22 տարի առաջ այս դահլիճում կառավարութեան հարցուպատասխանի ժամանակ տեղի ունեցաւ «Հոկտեմբերի 27»–ի ոճրագործութիւնը», յայտարարեց նիստը վարող ԱԺ փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանը։

Յիշեցնենք, որ 1999 թուականի Հոկտեմբերի 27-ին Հայաստանի Ազգային ժողովին վրայ կատարուած յարձակումը, որ տեղի ունեցած է հերթական նստաշրջանի կառավարութեան հարցուպատասխանի ժամանակ՝ կառավարութեան անդամներու ներկայութեամբ։ Ահաբեկչական խումբի գործողութիւններուն հետեւանքով զոհուած են ՀՀ ԱԺ նախագահ Կարէն Դեմիրճեանը, վարչապետ Վազգէն Սարգսեանը եւ 6 այլ պետական գործիչներ ու ԱԺ պատգամաւորներ, 8 մարդ վիրաւորուած էր։