image

Այն խօսակցութիւնները, ըստ որոնց Փաշինեան Երեւանի մէջ ընթացող ցոյցերը զսպելու համար ՀԱՊԿ-էն ուժեր պահանջած է անհիմն են. Ա. Գրիգորեան

Այն խօսակցութիւնները,  ըստ որոնց  Փաշինեան   Երեւանի մէջ ընթացող ցոյցերը  զսպելու համար ՀԱՊԿ-էն ուժեր պահանջած է  անհիմն են. Ա. Գրիգորեան

ՀՀ Անվտանգութեան խորուհրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը կը հերքէ շրջանառուող տեղեկութիւնները, թէ իբր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Մոսկուա վերջին այցի ծիրին մէջ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) առաջնորդներէն աջակցութիւն խնդրած է` Հայաստանի մէջ ընդդիմութեան ցոյցերու, անհնազանդութեան գործողութիւններու հետ կապուած:

Գրիգորեանը կառավարութեան նիստէն յետոյ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին, անդրադառնալով հարցին, մասնաւորապէս ըսաւ.

«Վարչապետի մասին կեղծ լուրերի տարափը վերջին շրջանում ահագնացել է նաեւ միջազգային մակարդակում, եւ բնականաբար, այդ լուրը եւս կեղծ է: Ուզում եմ արձանագրել, որ վարչապետ Փաշինեանը Հայաստանի ներքաղաքական բոլոր հարցերում միշտ էլ ապաւինել է հայ ժողովրդի կամքին: Նոյնիսկ Նոյեմբերի 9-ից յետոյ ստեղծած լուրջ ճգնաժամի ժամանակ նա ապաւինել է միայն ժողովրդի կամքին, եւ ճգնաժամին լուծումը տեսել է ներքաղաքական հաստատութենական կարողութիւնների շրջանակումէ»

Իսկ ինչ կը վերաբերի ընդդիմադիրներու անհնազանդութեան գործողութիւններուն` ԱԽ քարտուղարը շեշտեց, որ ցոյցերու կազմակերպիչները աւելի քան մէկ ամիս կ'իրացնեն բողոքի ցոյցեր կատարելու իրենց իրաւունքը, իսկ օրէնքի եւ օրինականութեան շրջանակներուն մէջ անոնց կայացման վերահսկողութիւնը կ'իրականացնէ ՀՀ ոստիկանութիւնը:

«Ակնյայտ է, որ ընդդիմութեան կազմակերպած բողոքի գործողութիւնները չեն ստացել հանրութեան աջակցութիւնը: Բնականաբար, բողոքի շարժումներու հանգուցալուծումը մենք բացառապէս տեսնում ենք Հայաստանի ներքաղաքական հաստատութենական միջոցներով», ըսաւ Գրիգորեան: