image

«Աւետարանչականը մարդ կերտելու առաքելութիւն է». Զաւէն Խանճեան

 «Աւետարանչականը մարդ կերտելու առաքելութիւն է». Զաւէն Խանճեան

Կարեւոր խօսքով մը հանդէս եկած է Զաւէն Խանճեան, որ մասնաւորապէս ըսած է ՝ «AMAA-ն ապրանք մատակարարող գործարան չէ, այլ մարդ կերտելու առաքելութիւն է»։

Օրերս Հայաստան գտնուող ԱՀԱԸ-ի Գործադիր Տնօրէն Տիար Զաւէն Խանճեան հանդիպում ունեցած է կազմակերպութեան աշխատակից կազմին հետ։

 Հանդիպման բացումը կատարած է մարմնի Հայաստանի ներկայացուցիչ՝ Տիար Արէն Տէյիրմենճեան, որ հակիրճ տողերու մէջ անդրադարձած է Զաւէն Խանճեանի այցին, այցի նպատակներուն եւ յառաջիկայ օրերուն սպասուած հանդիպումներուն մասին։

Կարեւոր խօսքով մը հանդէս եկած է Զաւէն Խանճեան, որ մասնաւորապէս ըսած է ՝ «AMAA-ն ապրանք մատակարարող գործարան չէ, այլ մարդ կերտելու առաքելութիւն է»։

Խանճեան իր խօսքին մէջ նաեւ շեշտը դրաւ հաւատարմութեան ու պատասխանատւութեան մասին։

«Եթէ մէկ պտուտակը խախուտ ըլլայ, անպայմանօրէն մեքենան կը տուժէ եւ չաշխատիր։ Ուստի ձեզմէ ամէն մէկուն դերը խիստ կարեւոր է՝ AMAA-ի 105-ամեայ առաքելութիւնը լաւագոյնս շարունակելու գործին մէջ». ընդգծեց՝ Զաւէն Խանճեան։

 

 

 Լուրը ԱՀԱԸ-ի դիմատետրեան էջէն։