Ատրպէյճանը ռուս խաղաղապահներու հետ կ'որոնէ Արցախի մէջ սպանուածներու մարմինները. այս մասին, ԹԱՍՍ-ի հաղորդմամբ, յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահի խորհրդական Հիքմեթ Հաճիեւը։
Անոր խօսքով՝ Ատրպէյճանը պատրաստ է բուժօգնութիւն ցուցաբերելու վիրաւոր հայ զինուորներուն։
Հաջիեւ նաեւ նշած է, որ Ատրպէյճանը Լաչինի ճանապարհով (միջանցք-խմգ.) կ'ապահովէ խաղաղ բնակիչներու անվտանգ տեղաշարժը իրենց մեքենաներով։