Կան որոշ տարածքներ, որոնց մասին նախանշած է Ատրպէյճանը եւ կան տարածքներ, որոնց մասին ալ մենք կը խօսինք։
Տարեվերջեան ամփոփիչ ասուլիսի ժամանակ ըսած է Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնել Սանոսեանն՝ անդրադառնալով Պաքուի նշած 8 գիւղի վերադարձի հարցին։
«Ինչ վերաբերւում է 8 գիւղերի վերադարձին. այդ տարածքները պէտք է նախանշուեն եւ դրանց իրաւաբանական հիմքերը հանուեն, ապա տեղի ունենայ երկու գործընթաց՝ փոխանակել կամ ֆիզիկապէս թողնել եւ տարածական որոշակի կարգաւորումներ ունենալ եւ հարցը քննարկել սահմանների դեմարկացիայի եւ դելիմիտացիայի շրջանակներում»,- յայտնած է նախարարը։
Սանոսեանի համոզմամբ՝ Պաքուի նշած 8 գիւղի մասին հարցի պատասխանը սահմաններու սահմանագծումը կրնայ տալ:
Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարծ է, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի բոլոր հանդիպումներու ժամանակ կը բարձրացուի 8 գիւղի վերադարձի հարցը։ Ըստ անոր գիւղերն ունին իրենց առանձնայատկութիւնները, որոնցմէ 4-ը անկլաւային են, մնացած 4-ը անկլաւային չեն։
«Մեր մօտեցումն այն է, որ գործընթացին մէջ կրնայ ըլլալ որոշակի յաջորդականութիւն եւ այն կրնայ շարունակուիլ փոխադարձ քննարկման ձեւաչափով։ Հայաստանն ալ ունի իր պահանջները, իր տեսակէտները սահմաններու վերաբերեալ։ Բայց խօսքը բնակեցուած տարածքներու մասին է։ Թէ որուն կը պատկանին այս գիւղերը, վիճելի թեմայ չէ, պարզ է, թէ խորհրդային տարիներուն ովքեր ապրած են այդ գիւղերուն մէջ»,- ընդգծած է Պայրամովը: