image

Ատրպէյճան 10 գերի յանձնած է Հայաստանին

Ատրպէյճան  10 գերի յանձնած է Հայաստանին

Ատրպէյճան Հայաստանին յանձնած է 10 զինծառայող. յայտնած է «Sputnik Ատրպէյճան»։

«Խօսքը Նոյեմբեր 16-ին սահմանին տեղի ունեցած մարտերու ժամանակ գերեվարուած հայ զինուորներու մասին է։

Տեղեկութիւնը հաստատած է Ատրպէյճանի ռազմագերիներու, անհետ կորածներու եւ պատանդներու հարցերով պետական յանձնաժողովը։ Հայկական կողմը իր հերթին Պաքուին տրամադրած է ականապատ դաշտերու քարտէզներ։

Պաքուն շնորհակալութիւն կը յայտնէ ՌԴ ՊՆ-ին՝ քարտէզներ ստանալու հարցով միջնորդութեան համար»,- ըսուած է հրապարակման մէջ։