Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս ընդգծած է Աթէնքի եւ Անգարայի միջեւ հաղորդակցութեան բաց գիծերու անհրաժեշտութիւնը այն բանէն յետոյ, երբ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան այս շաբթուան սկիզբը յայտարարեց, որ խզած է բոլոր յարաբերութիւնները Յունաստանի վարչապետին հետ:
«մենք պէտք է հանդիպինք, մենք պէտք է խօսինք եւ քաղաքակիրթ ձեւով զբաղինք իրավիճակով` միջազգային իրաւունքի շրջանակներուն մէջ», ըսած է Միցոթաքիս:
Ան նաեւ նշած է, որ բոլոր տարբեր քննարկումներու ընթացքին «Թուրքիան որեւէ անգամ հարց չէ բարձրացուցած Յունաստանի դէմ իր սեփական փաստարկներու ներկայացման հետ կապուած»: Այդ, անոր խօսքով, «կը վկայէ այն մասին, թէ որքան համոզիչ են այդ փաստարկները»: