image
Հրատապ լուրեր:

Աշխարհի մէջ պատուաստ ստացողներու թիւը արագօրէն կ՚աճի

Աշխարհի մէջ պատուաստ ստացողներու  թիւը  արագօրէն կ՚աճի

«Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստուած մարդոց թիւը աշխարհի մէջ գերազանցած է վարակուածներու թիւը: Այս մասին յայտարարած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէն Թետրոս Կեպրէյեսուսը, գրած է «ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութիւնը:

«Ամբողջ աշխարհի մէջ պատուաստումներու թիւը գերազանցած է վարակուածներու թիւը: Մէկ կողմէն, սա լաւ նորութիւն է եւ զարմանալի ձեռքբերում այսքան կարճ ժամանակահատուածի մէջ: Բայց այս պատուաստումներու աւելի քան երեք քառորդը տեղի ունեցած է ընդամէնը 10 երկրի մէջ, ուր կուտակուած է համաշխարհային ՀՆԱ-ի գրեթէ 60%-ը»,- ըսած է ան ճեպազրոյցի ժամանակ:

ԱՀԿ ղեկավարն ընդգծած է, որ շուրջ 130 երկիր, որոնց ընդհանուր բնակչութիւնը կը կազմէ 2,5 միլիառ մարդ, դեռ չեն ստացած պատուաստանիւթի նոյնիսկ առաջին չափաբաժինը: Ան կրկնած է իր կոչը այն պետութիւններուն, որոնք արդէն պատուաստած են բնակչութեան ամենախոցելի հատուածը եւ առողջապահութեան ոլորտի աշխատողները`յաւելեալ պատուաստանիւթեր ունենալու պարագային անոնք տրամադրել այլ երկիրներու՝ նախքան զանգուածային պատուաստումները շարունակելը: