image

Արմէն Սարգսեան Ռիատի մէջ. Նախագահականը կ՚ըսէ, որ այցը պատմական էր (Տեսանիւթ)

Արմէն Սարգսեան Ռիատի մէջ. Նախագահականը կ՚ըսէ, որ այցը պատմական էր (Տեսանիւթ)

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան աշխատանքային այցով մեկնած է Սէուտական Արաբիա: Նախագահի աշխաակազմէն կը տեղեկցնեն, որ 26 Հոկտեմբեր 2021-ը առանձնայատուկ էջ պիտի դառնայ հայ-արաբական եւ մասնաորապէս Հայաստանի Հանրապետութիւն-Սէուտակաան Արաբիա յարաբերութիւններու պատմութեան մէջ: Այս աննախադէպ իրադարձութիւնը միանշանակ շրջադարձային է Հայաստանի միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ։

Հայաստանի անկախութենէն ի վեր ՀՀ եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութեան պայմաններու մէջ, երբ Հայաստանէն ոեւէ պաշտօնեայ երբեւիցէ չէր այցելած այդ երկիր, Հայաստանի նախագահը կատարեց պատմական քայլ՝ առաջին անգամ այցելելով արաբական եւ իսլամական աշխարհին մէջ բացառիկ դեր եւ նշանակութիւն ունեցող այդ պետութիւն:

Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաքի օդակայանին մէջ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանը դիմաւորած են պետական ամենաբարձր մակարդակով՝ ի դէմս Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործերու պետական նախարար Ատէլ Ալ Ճուպէյրի, իսկ պաշտօնական արարողակարգի համաձայն՝ օդակայանին մէջ բարձրացուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան պետական դրօշը: