Հասարակական կարգի պահպանութեան, ճանապարհային երթեւեկութեան անվտանգութեան ապահովման, յանցագործութիւններու եւ վարչական իրաւախախտումներու կանխման ու բացայայտման նպատակով՝ ոստիկանութեան տարբեր ստորաբաժանումներու ծառայողներ 23 Յուլիսին Արմաւիրի մարզի Արմաւիր, Էջմիածին ու Մեծամօր քաղաքներու մէջ իրականացուցած են ուժեղացուած ծառայութիւն, որ կը ղեկավարէր ոստիկանութեան պետի առաջին տեղակալ Արամ Յովհաննիսեանը։ Ուժեղացուած ծառայութեան ընթացքին տարբեր կասկածանքներով Արմաւիրի մարզային վարչութեան ենթակայ ստորաբաժանումներ բերման ենթարկուած են 5 անձ։ Կատարուած են խուզարկութիւններ ու զննութիւններ։
Յայտնաբերուած են տարբեր տեսակի ատրճանակներ ու հրացաններ, դանակներ, մահակներ ու կռփազէնք՝ ընդհանուր 23 միաւոր։ Երեք անձի խուզարկութեամբ յայտնաբերուած են մարիխուանայի նմանող զանգուածներ՝ ընդհանուր 9 կրամէն աւելի ծանր։ Նմանօրինակ յատուկ միջոցառումները պարբերական են։
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել