Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը յայտարարած է, որ «առասպելական» մեծ Հայաստանի մասին երազանքները կը խոչընդոտեն տեւական խաղաղութեան հասնելուն:
Ան աւելցուցած է, որ խաղաղութեան գործընթացին կը խանգարեն նաեւ ՀՀ Սահմանադրութեան մէջ առկայ «տարածքային պահանջները Ատրպէյճանի նկատմամբ», Հայաստանի կողմէ արագ զինուիլը:
Ալիեւն այս մասին ըսած է Պաքուի մէջ «Վերադարձի իրաւունք. արդարութեան ապահովում Հայաստանէն բռնի տեղահանուած ատրպէյճանցիներու համար» թեմայով կայացած, այսպէս կոչուած, «Արեւմտեան Ատրպէյճանի» համայնքի 2-րդ միջազգային համաժողովի մասնակիցներուն:
«Արեւմտեան Ատրպէյճան» ըսելով՝ Պաքուն նկատի ունի ՀՀ ինքնիշխան տարածքը: