image

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Երէկ Երեկոյեան Յատուկ Պատգամ Մը Փոխանցեց Պիքֆայայի Մէջ

Արամ Ա. Վեհափառ  Հայրապետը  Երէկ Երեկոյեան Յատուկ Պատգամ  Մը Փոխանցեց   Պիքֆայայի Մէջ

  Լիբանան-   Երէկ երեկոյեան    հանդիսաւոր կերպով  նշուած է    Պիքֆայայի  Սուրբ Աստուածածին  Մայր Տաճարին   անուանակոչութեան տօնը:  Նշենք, որ Սուրբ Աստուածածնայ վերափոխման տօնը  Հայ  եկեղեցւոյ    5 տաղաւարներէն  մին է:   Այս առթիւ Սուրբ  պատարագը մատուցած է  Ֆրանսայի թեմի  առաջնորդ ՝ Տ. Վահան Եպս.  Յովհհաննիսեան:      Ապա   իր պատգամը ներկայներուն  փոխանցած է   Մեծի  Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ  Ա. Վեհափառ  Հայրապետը:  Վեհափառ հայրապետu   իր խօսքով նկատել տուած  է, թէ Հայաստանեայց  եկեղեցին յատուկ յարգանք եւ վերաբերում ունի  Սուրբ Մարիամ Աստուածամօր   հանդէպ եւ այդ մէկը երեւելի է  անոր  նուիրած է տաղերուն , շարականներուն  եւ  աղօթքներուն մէջ :  Վեհափառը նաեւ շեշտած է, որ Աստուածածին Մարիամը   յատուկ տեղ   ունի Հայ  եկեղեցւոյ աստուածաբանութեան  մէջ:  Վեհափառը  խօսելով      այս տօնին կարեւորութեան մասին ըսած է «Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնի նշումը նաեւ կոչ մըն է մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, մեր քրիստոնէական կեանքը ապրելու աստուածաշնչական արժէքներու ու մեր սրբազան հայրերու ուսուցումներու համաձայն։ Քրիստոնէութիւնը կեանքի որակ է աշխարհ բերած Քրիստոսի արժէքներով ու սկզբունքներով թրծուած։ Հետեւաբար չի բաւեր միայն քրիստոնէութեան ծանօթանալ Աստուածաշունչի ընթերցանութեամբ կամ եկեղեցական արարողութիւններուն մասնակցութեամբ։ Քրիստոնէութիւնը պէտք է ապրի՛լ ու անոր գործնական արտայայտութիւն տալ մեր կեանքէն ներս՝ աղքատին օգնելով, կարիքաւորին ձեռք երկարելով, եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքին համար բարի գործեր կատարելով եւ մեր շուրջը սէր ու բարիք սփռելով»։ Արամ Ա. Վեհափառ  հայրապետը   իր խօսքը եզրակացնելով    ներկայացուցած   Կիլիկիոյ  կաթողիկոսարանի  անցած  պատմական   ճանապարհը եւ   յայտնած  «Հարիւր տարիներ առաջ գաղթական դարձած այս Սուրբ Աթոռը այսօր պայծառակերպուած է իր կեանքով ու առաքելութեամբ եւ խոր գիտակցութեամբ ու բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով կը ծառայէ մեր եկեղեցւոյ, մեր հայրենիքին ու ազգին:»