«Կայուն զարգացման» համար ծառայեցուած իւրաքանչիւր լումա իր արժէքը ունի։
Այն իմաստով մանաւանդ, որ այդ տարբեր տեսակի ներդրումները կը ծառայեն նախ եւ առաջ Հայաստանի սահմանային շրջաններու նախ կայունացման եւ ապա հզօրացման։
Հայրենիքի հանդէպ մեր ընկալումները տեղ մը նոր թափ եւ շունչ կ՚առնեն, երբ այդ մօտեցումներուն մէջ տիրական եւ մշտական կը դառնայ գործնական քայլեր առնելու հրամայականը։ Ի վերջոյ հայրենիքը ոչ բառերով, ոչ ալ շարադրութիւններով կրնայ գոյատեւել ու մանաւանդ զարգանալ։ Հայութեան համար այս մօտեցումները պէտք է դառնան համայնական, այն իմաստով, որ տեղ մը թէ Հայաստանի մէջ եւ թէ ալ Հայաստանէն դուրս ապրող հայեր պարտաւոր են գիտակցիլ եւ հասկնալ, որ հայրենասիրութիւնը մեծ բառերով ու քարոզներով չի կերտուիր։
Կենաց բարձրացնելը հայութեան համար իւրաքանչիւր, յաճախ շատ անձնական, շատ նեղ օղակի մէջ եղած, իրականութիւն դարձած յաջողութեան մը պսակումն է։ Կայ այդ ընկալումը, ու կայ նաեւ փափաքը, որ մեր ժողովուրդի զաւակներուն կ՚առաջնորդէ այն մօտեցումին, որ ամէն ինչ կ՚աւարտի, երբ յաջողութեան մը կենացը կը բարձրացնենք։
Կենաց կը բարձրացնենք, ոչ միայն յաջողութեան մը մասին խօսելու, այլ երկար կեանք մաղթելու եւ այդ ջերմ փափաքն ու կարօտը պայմանաւորուած է մեր ժողովուրդի անցած ծանր ճանապարհով։
Այսօր ալ նոյնն է պարագան, այսօր ալ հայեր, երկու հայեր, ուր ալ հանդիպին, կուզեն միասին կիսել յաջողութեան մը յաղթանակը, յաճախ բռնելով պահուան թելը եւ մոռնալով ապագայի ճանապարհներուն ու ծրագիրներուն մասին։
Ու այստեղ առաւելապէս ի յայտ կու գայ, որ ինչպէս հանուր մարդկութեան,ւ այնպէս ալ մեզի հայերուս համար պակսողը մեր «վաղուան օր»ը ճիշդ ծրագրելու հիմնահարցն է։
Այդ դրուագը կը ծնի, կ՚աճի ու կը մեծնայ փոքր մանրամասնութիւններով։ Մինչ մենք զբաղած են մեծ բառեր «կրակել»ով կեանքը մեզի կը յիշեցնէ, որ մեր էութիւնը, մեր իրական պայքարը, մեր այսօրուան ապաւէնը կապուած է շատ փոքր բաներու հետ, որոնց հանդէպ շատ յաճախ կը դրսեւորենք անտարբեր կեցուածք, կամ ալ մոռնալու կու տանք այդ խնդիրներուն կարեւորութիւնը։
Ջերմոցի մը հիմնադրումը, արեւային վահանակներու համակարգի մը տեղադրումը, կամ սահմանային գիւղի մը մէջ արդիական մանկապարտէզի մը հիմնադրումը կը բխի այն կենսական աղիւսակէն, որուն հետ մենք պարտաւոր ենք իրապէս հաշուի նստիլ։
Եւ այսօր այս դժուարին օրերուն Հայաստանի տնտեսական եւ հանքարդիւնաբերութեան առաջատար՝ ԶՊՄԿ-ն կը շարունակէ իր երթը ամրացնել, ու մեր ճանապարհներու եզրերը զօրացնել սատար կանգնելով սահմանային շրջաններուն, որոնց ծաղկումը, հզօրացումը եւ կայունացումը նաեւ մեր կայունացումն ու հզօրացումն իսկ է։
Պարզ բաներու մասին խօսեցանք, խօսեցանք քայլերու մասին, որոնցմէ ծնունդ պիտի առնէ մեր վաղուան Հայաստանի հզօր եւ պայծառ ապագան ու այդ ապագային մէջ հիմնական տեղն ու դերը դարձեալ տրուած է մեր սահմաններուն ու սահմանային շրջաններուն, որոնք կերպով մըն ալ մեր գոյութեան իրական ապաւէնն են։
ԶՊՄԿ-ի Ընկերայի Ծրագիրները
Նոր ջերմոցներ՝ աճանանցիներուն
«Իրաւատէր կապանցիներ» բնապահպանական հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ եւ «Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենային կոմբինատ»ի ֆինանսաւորմամբ Կապան խոշորացուած համայնքի Աճանանի բնակիչները պիտի ունենան նոր ջերմոցներ։
Ծրագրի արժէքը՝ մօտ 7 միլիոն դրամ, յատկացուցած է ԶՊՄԿ-ն, որուն համար ազդակիր բնակավայրերու մէջ նմանատիպ նախաձեռնութիւններու իրագործումն առաջնահերթութիւններէն է։
– Պարբերաբար կ՚այցելենք շահառուներուն՝ տեսնելու, թէ ինչ փուլի մէջ է ծրագիրը, արդեօք դրական տեղաշարժ կա՞յ, թէ՝ ոչ, - նշած է «ԶՊՄԿ» փակ բաժնետրիական ընկերաութեան ընկերայինն ծրագրերու համակարգող Գայեանէ Թադեւոսեանը։ Ծրագրի շրջածիրէն ներս բնակիչները նաեւ կը մասնակցին մասնագիտացուած դասընթացի։ Տասը հանդիպումէ ետք շահառուները լիովին կը տիրապետեն ջերմոցային տնտեսութեան նրբութիւններուն, որպէսզի ատոնք հնարաւորինս արդիւնաւէտ օգտագործեն։
– Վերջին շրջանին Աճանանի մէջ անասնապահութեամբ զբաղողներու թիւը զգալիօրէն նուազած է, գերակշռողը այգեգործութիւնը դարձած է, - նշած է բնակավայրի վարչական ղեկավարը։ Շուտով ջերմոցներն ամբողջութեամբ պատրաստ պիտի ըլլան։ Աճանանցիները լիայոյս են՝ ատոնք քիչ թէ շատ պիտի թեթեւացնեն իրենց հոգը։
Մանկապարտէզներու հիմնանորոգումը Կապանի մէջ գերակայ ուղղութիւն է
Շահագործման յանձնուած է Արծուանիկ բնակավայրի ՆՈՒՀ-ի (նախադպրոցական ուսումնական հաստատութեան) բակային հիմնանորոգուած հատուածը։
Ստեղծուած են երեխաներու հանգիստը կազմակերպելու լաւագոյն պայմաններ՝ կանաչապատ տարածք, նոր խաղասարքեր։ Մանկապարտէզի բակը բարեկարգուած է նիւթական աջակցութեան ծրագրով՝ արժէքը 38 միլիոն դրամ. «30 միլիոն ֆինանսաւորուել է կառավարութեան միջոցների հաշուոյն, 8 միլիոն՝ համայնքի ֆինանսաւորման մասնաբաժինը, տրամադրուել է ԶՊՄԿ-ի կողմից։ Վերանորոգուել է Արծուանիկի մանկապարտէզը, իսկ այժմ էլ՝ բակային հատուածը։ Արծուանիկը մեր համայնքի ամենամեծ գիւղական բնակավայրերից մէկն է, եւ մենք կարեւորում ենք առհասարակ գիւղական բնակավայրերում նման ենթակառուցուածքների զարգացումը»,–ըսած է Կապան համայնքի ղեկավարի տեղակալ Գոռ Թադեւոսեանը։
Նախադպրոցական կրթութեան կազմակերպումը գիւղական բնակավայրերու մէջ չափազանց կարեւոր է։ Արծուանիկը այն եզակի բնակավայրերէն է, ուր կայ բնակչութեան աճ։ Ընկերային պատասխանատւութեան շրջածիրէն ներս ԶՊՄԿ-ն միշտ ուշադրութեան կեդրոն կը պահէ ազդակիր բնակավայր Արծուանիկը, որպէս համայնք-պետութիւն-ձեռնարկութիւն համագործակցութեան ցայտուն օրինակ։ Ընկերութեան առաքելութիւնն է զարգացած նախադրեալներ ունեցող բնակավայրերուն աջակցիլը։ Իսկ Արծուանիկի մէջ առաջընթացն ակնառու է.
«Սոցիալական պատասխանատւութիւն ունեցող կազմակերպութիւնների համար նպաստի միջոցաւ իրականցուող ծրագրերը ամենահեշտ ու հասկանալի մոտելներն են։ Կայ համայնք, որն ինքն է որոշում իր առաջնահերթութիւնները, կայ պետութիւն, որը դա հաստատում է եւ կայ մասնաւոր ընկերութիւնը, որի դերը էական է այդ նախաձեռնութիւնները կեանքի կոչելու առումով։ Էլ աւելի շատ կը ցանկանանք այդ ծրագրերում մասնակցութիւն ունենալ»,– ընդգծած է «ԶՊՄԿ» փակ բաժնետիրական ընկերութեան կայուն զարգացման գծով տնօրէն Արմէն Ստեփանեանը։
Օրէ օր գեղեցկացող գիւղին մէջ, բնակիչներու խօսքով ՝ լաւ ապրելու համար ամէն ինչ կայ։ Երիտասարդներն ալ կը նախընտրեն ընտանիք կազմելէ ետք շարունակել իրենց կեանքն այստեղ. «Բնակավայրը զարգանում է, դրա համար հարեւան գիւղերից էլ են այստեղ գալիս՝ բնակութիւն հաստատելու։ Արծուանիկում կայ ե՛ւ մանկապարտէզ, ե՛ւ դպրոց»,– նշած է Միլենա Յարութիւնեանը։
Վարչական ղեկավարի խօսքով , գիւղին մէջ վերջին շրջանին նորանոր ծրագիրներ կ՚իրականացուին, երկու նոր ջրագիծ կը կառուցուի։ Արծուանիկի զարգացման ծրագրերու մեծ մասը կը ֆինանսաւորէ ԶՊՄԿ-ն. «Կարելի է ասել՝ գիւղում ամէն ինչ կայ, ինչ էլ, որ չկայ՝ կամաց-կամաց կը լինի, որեւէ գիւղից յետ չենք մնում։ Մարդիկ տեսնում են, որ գիւղը զարգանում է եւ ցանկանում են մշտապէս հաստատուել այս բնակավայրում»,–ըսած է վարչական ղեկավար Անուշաւան Յարութիւնեանը։
- - - - - - - - - - -
Մինչ արծուանիկցիները կը հիանան մանկապարտէզի բարեկարգ բակով, Կապանի մէջ ալ նշուած էր հիմնովին վերակառուցուած թիւ 9 նախակրթարանի բացումը։ Համայնքապետ Գէորգ Փարսեանը շնորհաւորած է ներկաները նշանակալի եւ կարևոր իրադարձութեան կապակցութեամբ՝ շեշտելով. «Այս օրը առանձնայատուկ է ինձ համար՝ յատկապէս զգացմունքային առումով։ Այս մանկապարտէզի հետ են կապուած իմ մանկութեան մի քանի տարիները, թիւ 9 մանկապարտէզից են իմ մանկական վառ յիշողութիւնները»։
Կէս դարէ աւելի պատմութիւն ունեցող մանկապարտէզը երբեւէ չէր նորոգուած, շէնքը հիմնանորգման կարիք ունէր։ Ծրագիրը կեանքի կոչուած է նպաստի միջոցով։ 160 երեխայ պիտի յաճախէ բոլորովին նոր լուսաւոր, ընդարձակ եւ հարմարաւէտ պայմաններով այս մանկապարտէզը։
«Նորոգումից յետոյ խմբասենեակներում աւելացել են հանդերձարանները, ընդունարանները, վերազինուել է խոհանոցային բլոկը, եթէ նախկինում սպասքի լուացման կեդրոնացուած համակարգ էր գործում, այժմ իւրաքանչիւր խումբ ունի իր առանձնացուած խոհանոցային հատուածը։
Բոլոր չափորոշիչները պահպանուած են, նոյնիսկ կրթութեան եւ զարգացման առանձնայատուկ պայմանների կարիք ունեցող երեխաների խնամքի համար ստեղծուել են թեքահարթակներ, որը կը դիւրացնի յենաշարժողական խնդիրներ ունեցող սաների տեղաշարժը»,– շեշտած է Կապանի թիւ 9 ՆՈՒՀ-ի (նախադպրոցական ուսումնական հաստատութեան) տնօրեն Մարկարիթա Յարութիւնեանը։
Շրջելով մանկապարտէզին մէջ եւ ծանօթանալով ստեղծուած պայմաններուն՝ ծնող Նաիրա Պատուականեանը կարեւորած է մանկապարտէզներու նորոգումը. «Չափազանց կարեւոր է, թէ երեխաները ինչպիսի պայմաններում են անցկացնում իրենց օրը, քանի որ դա ունենում է իր ազդեցութիւնը երեխայի ընդհանուր զարգացման, դաստիարակութեան վրայ»։
Ծրագրի ընդհանուր արժէքը 284 միլիոն դրամ է՝ համայնք-կառավարութիւն համաֆինանսաւորմամբ։ Գոռ Թադեւոսեանը նշած է, որ Կապան համայնքը այսուհետեւ մանկապարտէզը պիտի պահէ ուշադրութեան կեդրոն։
«Մանկապարտէզի կանաչապատման, նոր սարքաւորումներու ձեռքբերման, խաղասարքերու եւ խաղալիքներու ձեռքբերման համար իր աջակցութիւնը ցուցաբերած ԶՊՄԿ-ն՝ շուրջ 14 մլն դրամի չափով»։
Նիւթերը պատրաստած են՝ Աննա Մելքումեան եւ Նարէ Խաչատրեան
«Արեւելք» սոյն նիւթը պատրաստելու համար օգտուած ենք ԶՊՄԿ-ի ամսական հերթականութեամբ լոյս տեսնող պարբերականէն։