image

ԱՀԱԸ-ի կարեւոր նպաստը՝ Երեւանի Արեւելագիտութեան հիմնարկին

ԱՀԱԸ-ի  կարեւոր  նպաստը՝   Երեւանի Արեւելագիտութեան  հիմնարկին

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը (AMAA-ԱՀԱԸ) միշտ աջակցած է ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիոյ Արեւելագիտութեան հիմնարկին, որ կը զբաղի Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի երկիրներու պատմութեան, տնտեսութեան, միջազգային եւ տարածաշրջանային յարաբերութիւններու եւ մշակոյթի ուսումնասիրութեամբ:  ԱՀԱԸ պիտի նպաստէ սոյն հիմնարկին Միջազգային յարաբերութիւններու բաժնի արդիականացման եւ վերազինման։ Այս մասին իմացանք՝ Արեւելագիտութեան Հիմնարկի (Ինստիտուտ)  դիմատետրի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած էր,-

 

2022-ի 1 Ապրիլին, Արեւելագիտութեան հիմնարկը հիւրընկալեց Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան Հայաստանի մասնաճիւղի պատուիրակութիւնը՝ ներկայացուցիչ Յարութ Ներսէսեան, ներկայացուցիչի տեղակալ՝ Արէն Տէյիրմէնճեան, արտաքին կապերու պատասխանատու՝ Լուսինէ Օհանեան եւ մասնաճիւղի իրաւաբան՝ Վարդան Միքայէլեան։ Հանդիպման ներկայ էին ՀՀ Արտաքին գործոց փոխ նախարար Մնացական Սաֆարեան, ԱԳՆ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Ափրիկէի վարչութեան պետ դեսպան՝ Արմէն Մելքոնեան, Թունիզի եւ Մարոքի մօտ ՀՀ դեսպան՝ Արշակ Փոլատեան, ԱԳՆ  Ասիոյ եւ Խաղաղ ովկիանոսեան երկիրներու վարչութեան պետ՝ Սուրէն Պաղտասարեան, դիւանագէտներ, արեւելագիտութեան համայնքի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հիմնարկի գիտաշխատողներ ու բաժանմունքներու վարիչներ։ 

 

Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն՝ պր. Ռոպերթ Ղազարեան շնորհակալութիւն յայտնեց ընկերակցութեան՝ ի դէմս ԱՀԱԸ գործադիր տնօրէն՝ պր. Զաւէն Խանճեանի, Արեւելագիտութեան հիմնարկի Միջազգային յարաբերութիւններու բաժնի արդիականացման եւ վերազինման աջակցելու հարցով։ 

 

Արեւելագէտ, դեսպան՝ Ռուբէն Կարապետեան ներկայացուց Արեւելագիտութեան  հիմնարկին Միջազգային յարաբերութիւններու բաժնի ստեղծման պատմութիւնը եւ կարեւոր առաքելութիւնը։ Պր. Մ․ Սաֆարեան նշեց Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մշակման հարցով Արեւելագիտութեան հիմնարկի դերակատարման մասին։ Բաժնի վարիչ՝ Արաքս Փաշայեան ներկայացուց բաժնի հետազօտական ուղղութիւններու եւ գիտական ներուժի մասին։  

 

Իր հերթին,  Յարութ  Ներսէսեան նշեց, որ AMAA-ԱՀԱԸ յանձնառու է Հայաստանի գիտութեան եւ կրթութեան ոլորտի զարգացման օգնելու առաքելութեան։ Միտքեր փոխանակուեցան Հայաստանի մէջ արեւելագիտութեան զարգացման հեռանկարներու եւ արեւելագիտութեան ռազմավարական նշանակութեան մասին։ Կողմերը վերահաստատեցին համագործակցութիւնը շարունակելու յանձնառութիւնը՝ յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան զարգացման։