image
Հրատապ լուրեր:

Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդը ընդունեց Արցախի Թեմի նախկին առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Պարգեւ Արքեպիսկոպոսը

Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդը ընդունեց Արցախի Թեմի նախկին առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Պարգեւ Արքեպիսկոպոսը

Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսը ընդունած է Արցախի Թեմի նախկին առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Պարգեւ Արքեպիսկոպոսի այցելութիւնը։ Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ թեմի պաշտօնական կայքէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

Երկուշաբթի, 7 Նոյեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս ընդունեց Արցախի Թեմի նախկին առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Պարգեւ Արքեպիսկոպոսի այցելութիւնը։ Ներկայ էր նաեւ Թեմիս նախկին Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Օշական Արքեպիսկոպոս, որ հիւրաբար քաղաքս կը գտնուի։ Հանդիպման ընթացքին, քննարկուեցան Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի վերաբերեալ տարբեր հարցեր։