image
Հրատապ լուրեր:

Գերշ. Տ. Պարգեւ Արքեպիսկոպոսի այցը՝ Նիւ Եորքի Առաջնորդարան

 Գերշ. Տ. Պարգեւ Արքեպիսկոպոսի այցը՝ Նիւ Եորքի  Առաջնորդարան

Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսը ընդունած է Արցախի Թեմի նախկին առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Պարգեւ Արքեպիսկոպոսի այցելութիւնը։ Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ թեմի պաշտօնական կայքէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

Երկուշաբթի, 7 Նոյեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս ընդունեց Արցախի Թեմի նախկին առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Պարգեւ Արքեպիսկոպոսի այցելութիւնը։ Ներկայ էր նաեւ Թեմիս նախկին Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Օշական Արքեպիսկոպոս, որ հիւրաբար քաղաքս կը գտնուի։ Հանդիպման ընթացքին, քննարկուեցան Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի վերաբերեալ տարբեր հարցեր։