Երէկ կառավարութեան նիստին որոշում ընդունուած է 2017 թուականին ընտանեկան նպաստի, արտահերթ օգնութեան եւ մինչեւ 2 տարեկան երեխաներու խնամքի նպաստներու մասին:
Որոշման նախագիծը ներկայացուցած է աշխատանքի եւ սոցիալական հարցերու նախարար Արտեմ Ասատրեանը: Ընդունուած որոշմամբ ընտանեկան նպաստի պազային չափը 18 հազար դրամ է: Սոցիալական նպաստի պազային չափը եւս 18 հազար դրամ որոշուած է: Հաստատուած են նաեւ միանուագ օգնութիւններու չափերը՝ երեխայի ծնունդի համար՝ 50 հազար դրամ, առաջին դասարան յաճախող երեխայի համար՝ 25 հազար դրամ, ընտանիքի անդամի մահուան պարագային՝ 50 հազար դրամ: Մինչեւ 2 տարեկան երեխայի խնամքի համար նպաստի չափը կրկին 18 հազար դրամ կը կազմէ: