image

Յուշակոթողի Բացում Նախաձեռնութեամբ Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ

Յուշակոթողի Բացում  Նախաձեռնութեամբ Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ

Քեսապ- («Արեւելք») Կազմակերպութեամբ Քեսապի Հայ Կաթողիկէ «Ս. Միքայէլ» եկեղեցւոյ, կիրակի 20 մարտ  2016-ին, Ծաղկազարդի Ս. Պատարագի աւարտին, Ս. Միքայէլ վանքի բակին մէջ, մասնակցութեամբ հաւատացեալ ժողովուրդին, տեղի ունեցա Ծաղկազարդի թափօրը, անդաստան,  ապա՝ յուշակոթողի բացումը,  ի յիշատակ Քեսապի երեք տեղահանութիւններուն՝ 1909, 1915, 2014:

Սրտի խօսքի մէջ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեանը ըսաւ. «Երկու տարիներ առաջ՝ 21 մարտ 2014-ին, առաւօտեան կանուխ  ժամերուն Թուրքիոյ տարածքէն Սուրիոյ վարչակարգի հակառակորդ զինեալ խմբաւորումներու՝ Քեսապի եւ շրջակայ բնակավայրերուն ուղղութեամբ կատարած լայնածաւալ եւ բուռն յարձակման հետեւանքով, շրջանիս հայ բնակչութեան հետ ստիպողական տեղահանումի ենթարկուեցանք դէպի Լաթաքիա: Մօտաւորապէս 1500 անձ, անվտանգ կարողացանք ապաստանիլ Լաթաքիոյ Հայ Առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ զոյգ սրահներուն մէջ: Վերջին մօտ հարիւր տարուայ պատմութեան մէջ, այս իմաստով կ՛առանձնանան երեք թուականներ՝ 1909, 1915 եւ 2014: Քեսապը ծանր կորուստներ կրեց 1909 թուականին Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրագործուած Կիլիկիոյ հայերու կոտորածին ընթացքին, մինչեւ 1915-ին, նոյն Թուրքիոյ կառավարութեան հրամանով անոր բնակչութիւնը եւս տարագրուեցաւ դէպի Տէր Զօրի եւ Յորդանանի անապատները, ուր նահատակի մահով ինկան շուրջ 5000 քեսապցիներ՝ հայկական ցեղասպանութեան միւս զոհերուն հետ միասին: 15 յուլիս  2014-ին Քեսապը՝ իր բոլոր հայկական գիւղերով ազատագրուեցաւ ու քեսապցիները վերադարձան իրենց հայրենի գիւղերը, որուն կապուած են բազմահարիւր տարիներէ ի վեր, սակայն տուները եւ վարժարանները քանդուած գտանք,  իսկ եկեղեցիները՝ հրկիզուած եւ պղծուած: Սոյն թուականէն ի վեր քեսապցին կը տնկէ նոր այգի՝ աւերուածին տեղ, կը վերանորոգէ իր քանդուած տուները, վարժարանները, եկեղեցիները եւ ակումբները, որպէսզի վերածնի հայ կեանքը այստեղ աւելի պայծառօրէն, Հայկական Կիլիկիայէն հայութեան մնացած այս վերջին բեկորին վրայ: Սիրելի քեսապցիներ, Քեսապի վերականգնումը ոչ՛ լալով, ոչ՛ ողբալով եւ ոչ՛ ալ փիլիսոփայական գրութիւններով կ՛ըլլայ, այլ աննկուն կամքով, անխոնջ աշխատանքով եւ յատկապէս «Հաւատքով, յոյսով եւ սէրով»: Այսօր Ս. Միքայէլ եկեղեցին կը նուիրէ ու բացումը կը կատարէ սոյն համեստ յուշակոթողին՝ Ս. Խաչն իր յաւերժութեան խորհրդանիշով, ի յիշատակ Քեսապի երեք տեղահանութիւններուն ինկած նահատակներուն ու որպէս խորհրդանիշ քեսապցիին կրած տառապանքներուն եւ վերածնունդին: Աստուծոյ շնորհքով եւ մեր աննկուն կամքով, Քեսապի Հայկական Կիլիկեան աւանը կրկին պիտի վերականգնի ու բարեզարդուի եւ առաւել եւս ծաղկի ի փառս Աստուծոյ եւ ի պանծացումն Հայ Ազգիս»:

Յուշակոթողին բացումը կատարեցին Հայր Նարեկը եւ քեսապցի նոր սերունդի պատանիները,  որմէ ետք տեղի ունեցաւ յուշակոթողին օրհնութիւնը:Հայ Կաթողիկէ «Բարեյուսոյ» վարժարանի աշակերտութիւնը իրենց մասնակցութիւնը բերին գեղարուեստական յայտագրով, աշակերտները երգեցին ու ասմունքեցին՝ «Մօր ձեռքերը», «Հայ Մարտիկը», «Աստուածամայրը»: Հանդիսութեան աւարտին հաւատացեալ ժողովուրդը կատարեց մոմավառութիւն, ապա երգեցին «Հայր մեր»ն ու «Կիլիկիա» քայլերգը: