Սան Ֆրանսիսքոյի հայկական վարժարանը վանտալիզմի ենթարկուած է։ Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ ԱՄՆ-ի իր աղբիւրէն։
Մեր աղբիւրը նշեց, որ անծանօթ անձեր հայհոյախառն գրութիւններ թողած են վարժարանի Սան Ֆրանսիսքոյի Գռուզեան-Զաքարեան Վասպուրական վարժարանի գլխաւոր մուտքի պատերուն, ինչպէս նաեւ վարժարանի ներքին անցերու պատերուն վրայ։
Գրութիւններէն պարզ կը դառնայ, որ անոնք կը կրեն ատրպէյճանեան ձեռագիր։
Սան Ֆրանսիսքոյի հայկական վարժարանի այսօր առնուած լուսանկարը կը թողարկենք առանց մեկնաբանութիւններու։
Մեր տեղեկութիւններով դէպքը տեղի ունեցած է երէկ ուշ գիշերին։
Նոր մանրամասնութիւններ կը հաղորդենք աւելի ուշ։