Դամասկոսի փոխանակման միացեալ ընկերութիւնը որոշում տարածուած է ընկերային ցանցերով, ուր նշուած է, թէ ընկերութիւնը պատրաստ է տոլարը վաճառելու 1450 սուրիական թղթոսկիի դիմաց: Մինչդեռ տոլարին համարժէքը ըստ շուկային, 1650 սուրիական թղթոսկի է:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ իշխանութիւնները, հինգշաբթի օր, հրամանգրով մը, ժամանակաւորապէս արգիլած են գործարար Ռամի Մախլուֆին ճամբորդել: Սոյն որոշման պատճէնը հրապարակուած է Արդարադատութեան Նախարարութեան ֆէյսպուքեան էջին վրայ:
Նշենք, որ Ռամի Մախլուֆ, որ Սուրիոյ նախագահ՝ Պաշշար Ասատին քեռիին որդին է, եւ երկրի մեծահարուստներէն մէկը, վերջերս դարձած էր մեծ տարաձայնութիւններու կողմ՝ դրամական հարցով, որ, ըստ սուրիական կառավարութեան, գոյացած էր որպէս պարտք Մախլուֆին պատկանող «Սիրիաթէլ» ընկերութեան վրայ:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ կառավարութիւնը, փակել տուած է «Ալճուտ» ընկերութեան կեդրոնական պահեստանոցը, ապրանքներու գիները 20 տոկոսով բարձրացնելուն պատճառաւ: Մինչ սակագիներու վերահսկման պատասխանատու պատկան մարմնի պաշտօնեաներ ուղղուած են Հոմսի ամենամեծ պահեստանոցները, վերահսկելու համար այնտեղի ապրանքներուն արտահոսքը եւ արգիլելու մենաշնորհումը:
Միւս կողմէն, Տնտեսական եւ Արտաքին առեւտուրի նախարարութիւնը յայտարարած է այն խթանիչ առաւելութիւններուն մասին, որոնք պիտի տրուին թիրախաւորուած ոլորտներուն, «Ներմուծուող ապրանքներուն փոխարինող» նոր ծրագիրի շրջագիծէն ներս՝ որպէս ներդրումային հնարաւորութիւններ:
Նախարարութիւնը յստակացուցած է, որ այդ առաւելութիւնները կը տարբերին ըստ ապրանքի եւ ոլորտի, սակայն ընդհանուր առմամբ կը ձգտին նուազեցնել արտադրական մաքսային հարկերը: Այդ առումով, ներկայիս, մաքսային յանձնախումբը կը համակարգէ ներմուծուող իւրաքանչիւր ապրանքի փոխարինող արտադրանքի պահանջները, որպէսզի համապատասխանաբար փոփոխութեան ենթարկուին անոնց վրայ պարդատրուած մաքսային տուրքերը:
Յիշեցնենք, որ Սուրիան կը դիմագրաւէ Արեւմուտքի եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ճնշիչ սահմանափակումներ: Երկիրը կ'աշխատի ինքնաբաւ դառնալու ուղղութեամբ, մանաւանդ երկրագործական ու արդիւնաբերական ոլորտներուն մէջ, խուսափելու համար ներմուծման ծախսերէն եւ յառաջիկային ալ անցնելու արտածման հանգրուան: