Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ Ֆրանսայի Պանտոլ քաղաքի հայկական խաչքարի պղծումը որպէս վանտալիզմի դրսեւորում: Խաչքարը ֆրանսական այդ քաղաքի գլխաւոր պուրակին մէջ տեղադրուած է 2017 թուականի ապրիլին, կատարուած է հանդիսաւոր բացում: Այժմ խաչքարը պղծուած է, իսկ անոր վրայ կ'երեւայ պղծողներու թողած գրութիւնը:
