Արժոյթի Միջազգային Հիմնադրամի ներկայացուցիչներուն եւ Լիբանանի կառավարութեան միջեւ տեղի ունեցած բանակցութիւնները տեղքայլի մէջ են: Ակնյայտ է, որ Լիբանան դիմած է Արժոյթի Միջազգային Հիմնադրամի աջակցութեան, սակայն առանց պատրաստակամութեամբ բարեկարգումի գործնական որեւէ քայլեր առնելու:
«Տեսակապով բանակցութիւններու ընթացքին, ԱՄՀ-ի ներկայացուցիչը, լքեց նիստը»: Այս մասին յայտնած է France Press-ին լիբանանեան կողմէ բանկացողներէն մէկը, որ չէ բացայայտած իր անունը: Անոնք բարեփոխութիւն իրագործելու լուրջ մօտեցում չեն նկատած Լիաբանեան պատուիրակութեան կողմէ: «Այն լոպպին, որ պատրաստ է երկիրը այրելու, ծածկելու համար իր ապօրինի կիրառումները, շատ ազդու է ու զօրաւոր» ըսած է ուրիշ աղբիւր մը:
Նշուած է, թէ Մայիսէն ի վեր, 17 համատեղ նիստեր տեղի ունեցած են, որոնց ընթացքին գնահատուած է երկրի նիւթական վնասները: Ըստ կառավարութեան, վնասները կը կազմեն մօտ 241 հազար միլիառ լիրա, մինչդեռ խորհրդարանը վնասները գնահատած է մօտաւոր 60-91 հազար միլիառ լիրայով:
Ֆինանսներու նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ ԱՄՀ-ի հետ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին, եթէ Լիբանանեան կողմը նոյնացնէ իր ներկայացուցած թիւերը եւ սկսի լրջօրէն բարեփոխութիւններ իրագործելու:
Պահանջուած բարեփոխութիւններն են, կրճատել պետական ծախսերը, բարելաւել հարկային եկամուտները, բարեկարգել հանրային ենթակառոյցները՝ ի մասնաւորի ելեկտրականութեան ոլորտը, որ մօտ 40 միլիոն տոլարի վնաս հասցուցած է պետական պիւտճէին պատերազմի աւարտէն ի վեր:
Հարկ է նշել, որ Լիբանանեան շարք մը ներկայացուցիչներ, չեն հաւատար, թէ բարեփոխութիւնները իսկապէս կը կատարուին: Այս մասին ըսած է Հասարակական Քաղաքական գիտութեան եւ միջազգային հարցերու ինսթիթութի տնօրէն՝ Նասէր Եասին «Մեծ առաջնորդները պիտի նախընտրեն, որեւէ ճնշման տակ բարեկարգումներ տեղի չունենան, որպէսզի երկրի այս իրավիճակը փուլ չգայ եւ իրենք չկորսնցնեն ամէն ինչ»: Իսկ օտար աղբիւր մը պարզաբանած է, թէ ԱՄՀ- հետ բանակցութիւնները շատ վատ աւարտ ունեցած են, մինչեւ իսկ վերջիններս ըսած են «Դադրեցուցէք այլեւս խաբէութիւնը»:
Ուրեմն եթէ Հիմնադրամը իր աջակցութիւնը ցոյց չտայ, ի՞նչ պիտի ըլլայ Լիբանանի ճակատագիրը: Արտաքին ներդրումները կախեալ են Հիմնադրամի աջակցութենէն, որ պիտի կայունացնէ արժեդրամի տատանումները: Լիբանան աւելի քան 20 միլիառ տոլարի արտաքին աջակցութիւն կ'ակնկալէ:
Ուշագրաւ յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար՝ Ժան Իվ Լոտրիան, անդրադառնալով Լիբանանի «անկումի վտանգին.- «Մենք իսկապէս պատրաստ ենք օգնելու ձեզի, բայց օգնեցէք մեզի, որ օգնենք ձեզի»: Նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար՝ Մայք Փոմփէօ յայտարարած է, թէ « Մենք կ'աջակցինք Լիբանանին, այնքան ատեն որ պատշաճօրէն կ'իրականացնէ բարեկարգումները եւ չի դառնար գործակալ Իրանին»:
Գաղտնիք չէ, թէ Լիբանան կանգնած է ամէնէն ահարկու տնտեսական տագնապին առաջ, իսկ երկրի անհրաժեշտ նիւթերուն՝ ցորենի, դեղերու եւ վառելանիւթի տարամադրուած տոլարի պահեստը արդէն հատնելու եզրին է: Լիբանանցիներու 35% անգործ են, մեծ մասը անկարող է երեխաներու անհրաժեշտութիւնները հոգալու:
Այս առթիւ ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու հարցերու յանձնակատար՝ Միշէլ Պաշէլէ զգուշացուցած է, թէ «Լիբանանի իրավիճակը արագօրէն կը դառնայ անվերահսկելի», եւ թէ լիբանանցիներէն շատեր «տագնապի հետեւանքով կը դիմագրաւեն մահուան վտանգը»:
Լիբանանեան իրազեկ աղբիւր մը ի վերջոյ ընդգծած է.- «Տոլարի մագլցումով, որ չունի առաստաղ, եւ որ կրնայ թակել 25 կամ 50 հազարի շեմը, նաեւ առօրեայ այս սղաճով, առանց Արժոյթի Միջազգային Հիմնադրամի աջակցութեան, Լիբանան կ'երթայ դէպի դժոխք»:
Նիւթը ՝ «Ալ Արապիյա»էն։