Իրանի իսլամական հանրապետութեան Նաւթի ազգային գործակալութեան տնօրէնութիւնը յայտարարած է Եկամուտներու եւ ներդրումներու յանձնաժողովի նոր տնօրէնի անունը: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ իրանեան «Իրնա» գործակալութիւնը:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ հայուհի Թալին Մանսուրեան ստանձնած է այդ տնօրէնութեան պաշտօնը, աւելցնելով, որ յատկապէս այս հանգրուանին այդ յանձնաժողովի պատասխանատու դառնալը երկրին մէջ կը համարուի խիստ կարեւոր պաշտօն մը, տրուած ըլլալով, որ Իրան կ'անցնի տնտեսական բարդ իրավիճակէ մը: