«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման մասնակիցներն արշաւ իրականացուցած են ՀՀ կառավարութեան շէնքի մօտ, ուր այսօր պէտք է տեղի ունենար նախատեսուած նիստը, սակայն այն յետաձգուած է։
Որպէս յետաձգման պատճառ նշուած է, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ԱԺ–ի մէջ կը մասնակցի 2023 թուականի պիւտճէի կատարողականի քննարկման։
Հակառակ որ նիստը հետաձգուած է, ցուցարարները չշտապեցին հեռանալ Հանրապետութեան հրապարակէն, զուգահեռաբար անոնց եւ ոստիկաններու միջեւ իրավիճակը պարբերաբար կը լարուէր։ Հերթական նման իրավիճակէն ետք Բագրատ սրբազանն ամօթանք տուաւ ոստիկաններուն։
«Դուք պիտի էս երկրում գլուխներդ կախ քայլէք, ոստիկաննե՛ր, գլուխներդ կախ`այնքան ժամանակ, քանի դեռ այս սրիկայ, սուտասան, վախկոտ հայրենավաճառին էք ծառայում»,–ըսած է ան։
Ոստիկաններն այս խօսքերէն ետք մէջքով կանգնած են դէպի արշաւի մասնակիցները, յետոյ լեզուակռիւ եղած է ոստիկանութեան ղեկավարութեան եւ Բագրատ սրբազանի միջեւ։
Ոստիկանները մեղադրած են Բագրատ սրբազանը պարբերաբար իրավիճակը լարելու եւ բախումներ հրահրելու մէջ։ Բագրատ սրբազանն ալ արձագանգած է, որ ոստիկաններն այդ հրահրել բառը լաւ սորվեր են, մինչդեռ զբաղուած են ապօրինի հրամաններ կատարելով։
«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման առաջնորդը յայտարարած է, որ այսօր ժամը 20:00-ին պիտի հաւաքուին Բաղրամեան-Դեմիրճեան խաչմերուկի մօտ, ուր ընդդիմութիւնը վրաններ տեղադրած է։ Անկէ ետք ան եւ շարժման կողմնակիցները երթով պիտի շարժին դէպի «վրանային աւան»։