Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին Միացեալ Նահանգներու մէջ այցելած է Ուքրանիոյ զինուած ուժերու համար զինամթերք արտադրոող գործարան, որ կը գտնուի Ֆիլատելֆիա նահանգին մէջ:
«Երախտագիտութիւն յայտնած եմ գործարանի բոլոր աշխատակիցներուն եւ պայմանաւորուած՝ ընդլայնելու Փենսիլվանիոյ եւ Զապորոժիէի գործարաններու միջեւ համագործակցութիւնը», - X-ի իր էջին գրած է Ուքրանիոյ նախագահը:
Այս գործարանին մէջ կ՚արտադրուին Քիեւին մատակարարուող 155 մմ տրամաչափի հրետանային արկեր։