Աշխարհի մէջ շատ չեն առաջնորդները, որոնք հնարաւորութիւն ունին ազդեցութիւն գործելու Ռուսաստանի հետ բանակցութիւններու գործընթացին վրայ, եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Էրտողանը պետութեան այդպիսի ղեկավար է: Այս մասին ըսած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին:
«Անձամբ նախագահ Էրտողանի հետ մենք հզօր անձնական յարաբերութիւններ ունինք: Ան կ'օգնէ: Հարցը միայն տրոնները չեն: Շատ հարցեր կան, երբ Էրտողան օգնած է Ուքրանիոյ, ես անոր շատ շնորհակալ եմ: Քաղաքական մակարդակով նոյնպէս ան շատ քայլեր կ'ընէ, որպէսզի Ռուսաստանի նախագահը հասկնայ, որ պէտք է աւարտել պատերազմը», ըսած է Զելենսքին:
Ուքրանիոյ նախագահը համոզուած է, որ Էրտողանը լրջօրէն կ'ազդէ համաշխարհային քաղաքականութեան եւ տնտեսութեան վրայ, անոր համար ալ կ'ակնկալէ անոր օգնութիւնը:
«Աշխարհի շատ առաջնորդներ չեն, որ ունին այդ հնարաւորութիւնը: Պէտք է լուրջ, հզօր, ազդեցիկ պետութիւն ըլլալ ամէն ինչի` աշխարհաքաղաքականութեան եւ համաշխարհային տնտեսութեան վրայ ազդելու համար: Էւ Էրտողանը այդպիսին է: Ան շատ ամուր է, շատ լուրջ նախագահ է, եւ կ'օգնէ»: