image

«Տանըլտ, դուն խելացի ես, բայց ըսածդ յիմարութիւն է». Թրիւտօ- Թրամփ հեռավար բանավէճ 

«Տանըլտ, դուն խելացի ես, բայց ըսածդ յիմարութիւն է». Թրիւտօ- Թրամփ հեռավար բանավէճ 

Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօն պնդած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յայտարարած առեւտրային պատերազմը «յիմար» քայլ է, որու նպատակը Գանատայի տնտեսութեան լիակատար փլուզումն է եւ Գանատայի բռնակցման գործընթացի հեշտացումը: Այս մասին գրած է The Guardian-ը:

Նախօրէին Միացեալ Նահանգները ուժի մէջ մտցուցած է գանատական ապրանքներու ներկրման համար 10-25% մաքսատուրքերը, որուն ի պատասխան Գանատան սահմանած է իր մաքսատուրքերն ամերիկեան ապրանքներու համար՝ ընդգծելով, որ պիտի պայքարի հարեւանի յարձակման դէմ:

«Այսօր Միացեալ Նահանգներն առեւտրային պատերազմ սկսած է Գանատայի դէմ: Մենք նախապէս ալ ունեցած ենք դժուար իրավիճակներ… բայց մենք ոչ միայն գոյատեւած ենք, այլեւ աւելի ուժեղ դուրս եկած ենք, քան երբեւէ, քանի որ երբ խօսքը կը վերաբերի մեր մեծ ազգը պաշտպանելուն, չկայ գին, որ մենք բոլորս պատրաստ չենք վճարելու, եւ այսօր ալ նոյն իրավիճակն է», -ըսած է Թրիւտօն:

Միեւնոյն ժամանակ ան ընդգծած է, որ շարքային ամերիկացիները շատ պիտի տուժեն, պիտի կորսնցնեն աշխատատեղեր ու աւելի սուղ գին պիտի վճարեն սնունդի, ուժանիւթի համար:

«Տանը՛լտ, չնայած շատ խելացի տղայ ես, բայց սա շատ յիմար բան է», -ըսած է Թրիւտօն:

Ան նաեւ անդրադարձած է Թրամփի այն յայտարարութիւններուն, որ Գանատան պէտք է զիջի իր ինքնիշխանութիւնը եւ դառնայ երկրի 51-րդ նահանգը:

«Այդ երբեք տեղի պիտի չունենայ։ Մենք երբեք պիտի չըլլանք 51-րդ նահանգ», -ըսած է վարչապետը։