image

Ըստ Զախարովայի պատմամշակութային ժառանգութեան հարցը տեւաբար քննարկան մէջ է

Ըստ Զախարովայի   պատմամշակութային  ժառանգութեան հարցը  տեւաբար քննարկան մէջ է

Պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանութիւնը մշտապէս կը քննարկուի պաշտօնական Պաքուի հետ մեր շփումներուն մէջ: Այդ մասին յայտնած Է Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիայ Զախարովան` պատասխանելով բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ հայկական պատմական եւ մշակութային ժառանգութիւնը ոչնչացնելու Պաքուի ծրագրերու մասին հարցին:

«Մենք հանդէս կու գանք ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի առաքելութեան` տարածաշրջան այցի շուտափոյթ կազմակերպման օգտին: Կ'աշխատինք նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներու հարցով», նշած Է Զախարովան` յիշեցնելով, որ 2021-ի Դեկտեմբեր 7-ին Ռուսաստանի, ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարներու համատեղ յայտարարութեան մէջ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին կոչ կը կատարուի շարունակելու փոխգործակցութիւնը ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահներու հովանիին ներքոյ` մարդասիրական հարցերու շուրջ իրական յառաջընթացի հասնելու համար, ներառեալ պատմական եւ մշակութային առարկաները: