Ռուսիան Լաչինի միջանցքի վերաբերեալ երբեք չէ փոխած իր դիրքորոշումը, ինչ որ արտացոլուած է Մոսկուայի, Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ եռակողմ համաձայնագիրներով, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին:
«Ինչ կը վերաբերի կարգաւորման վերաբերող զգայուն հարցերուն, Լեռնային Ղարաբաղին… Մենք դեռ հնարաւորութիւն կ'ունենանք եռակողմ ձեւաչափով խօսելու փոխադրային կապերու ապաշրջափակման հարցերու շուրջ։ Խնդիրները շատ կարեւոր եւ զգայուն են, վստահ եմ, որ եթէ մենք, ի վերջոյ, չնայած բոլոր դժուարութիւններուն, հասնինք այդ հարցերու լուծման, ուրեմն այդ ձեռնտու կ'ըլլայ ե՛ւ Հայաստանին, ե՛ւ Ատրպէյճանին, եւ ոչ միայն երկու երկիրներուն, այլ նաեւ ողջ տարածաշրջանին»,- ըսած է Փութին, հաղորդած են ռուսական լրատուամիջոցները։
Ան աւելցուցած է, որ տուեալ իրավիճակի կարգաւորմամբ շատ երկիրներ շահագրգռուած են, եւ այդ կը նպաստէ բոլոր ուղղութիւններու նորմալացման, անոնց շարքին՝ քաղաքական՝ այս տարածքը ապրող մարդոց անվտանգութեան ապահովման առումով։