Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին յայտնած է, որ երկրին մէջ տեղի ունեցած անկարգութիւններու ընթացքին զոհուած է 3,117 մարդ։
Վնասներ կրած կառոյցներուն նշուած ցանկին մէջ յիշուած է երկու հայկական եկեղեցիի վնասուած ըլլալու մասին։
Իրանի մէջ ազգային արժոյթի կտրուկ արժեզրկման եւ գնաճի պատճառով ցոյցերը սկսած էին դեկտեմբերի վերջը, սակայն յունուար 8-ին եւ 9-ին ատոնք վերածուած էին զանգուածային անկարգութիւններու, որու համար Թեհրանը կը մեղադրէ Իսրայէլն ու ԱՄՆ-ն:
