image

Ընտրութեանց մասին Երեւանի մէջ Լիբանանի դեսպանատունէն յայտարարութիւն

Ընտրութեանց  մասին  Երեւանի մէջ Լիբանանի դեսպանատունէն  յայտարարութիւն

Լիբանանի մէջ յառաջիկայ տարի տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութեանց  վերաբերեալ, Հայաստանի մէջ լիբանանեան դեսպանատունը  այսօր  յայտարարութիւն տարածած է։

Այս  մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ  Հայաստանի մէջ Լիբանանի  դեսպանատունէն։

Հաղորդագրութեան մէջ կ'ըսուի, թէ Հայաստանի մէջ  ապրող  Լիբանանի  քաղաքացիները, որպէսզի իրաւունք ունենան մասնակից դառնալու  յառաջիկայ ընտրութեան,  պէտք է  իրենց  փաստաթուղթերով ներկայանան   դեսպանատուն, պատշաճ կերպով  արձանագրուելու համար։

Արձանագրութեան որպէս ժամկէտ կը նշուի 1 Հոկտեմբերէն մինչեւ 20 Նոյեմբեր 2021։

Կարելի է նաեւ արձանագրուիլ http://diasporavote.mfa.gov.lb յղումով կամ նախարարության պաշտօնական կայքէջով` www.mfa.gov.lb:

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Լիբանանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւնները պիտի կայացուին յառաջիկայ տարուան Մայիսին։