Իրանի Մեճլիսի պատգամաւորներ ընտրուած են հայազգի Արա Շահվերդեան եւ Գեղարդ Մանսուրեան։
Տեղեկութիւնը յայտնած է «Իրանն այսօր» թելեկրամեան ալիքը։
Արա Շահվերդեան, որ նաեւ գործող պատգամաւոր է, ընտրուած է Թեհրանի եւ հիւսիսային շրջանի իրանահայութեան ներկայացուցիչ։
Գեղարդ Մանսուրեան միջազգայնագէտ է եւ իրանական մամլոյ մէջ աչքի ինկած է Հայաստանի ու Արցախի մասին յօդուածներով։ Ան Սպահանի եւ հարաւային շրջանի իրանահայութեան ներկայացուցիչն է։
Յիշեցնենք, որ Իրանի Մեճլիսի ընտրութիւնները կայացած են 1 մարտին, որոնց ընդհանուր արդիւնքները դեռ չեն ամփոփուած։