Վրաստանի վարչապետը պիտի փոխուի. Իրաքլի Ղարիպաշվիլիին պիտի փոխարինէ «Վրացական երազանք - Դեմոկրատական Վրաստան» կուսակցութեան նախագահ Իրաքլի Քոպախիձէն։ Տեղեկութիւնը յայտնած է «Իմետի» հեռուստաալիքը՝ յղում ընելով իր աղբիւրին։
Ըստ լրատուամիջոցի`փետրուար 1-ին պիտի յայտարարուի, որ Ղարիպաշվիլին ու Քոպախիձէն պիտի փոխանակեն իրենց պաշտօնները։
Քոպախիձէն պիտի զբաղցնէ նախարարներու գրասենեակի ղեկավարի եւ «Վրացական երազանք»ի քաղաքական քարտուղարի պաշտօնը, իսկ Ղարիպաշվիլին պիտի ստանձնէ կուսակցութեան նախագահի պաշտօնը։
Յիշեցնենք` Ղարիպաշվիլին Վրաստանի վարչապետի պաշտօնը ստանձնած է 2021 թուականի փետրուար 22-ին։ Ան Վրաստանի վարչապետ եղած է նաեւ 2013—2015 թուականներուն։