Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Իրաքլի Չիքովանին հանդիպած է Ատրպէյճանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ռամիլ Ուսուպովի հետ։ Հանդիպման քննարկուած են պաշտպանութեան ոլորտի մէջ երկկողմ համագործակցութեան հարցեր։ Կողմերը խօսած են Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ռազմավարական համագործակցութեան կարեւորութեան մասին։
Իրաքլի Չիքովանին նշած է, որ Վրաստանը կը շարունակէ իր պատրաստակամութիւնը յայտնել՝ նպաստելու Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման։ Ընդգծուած է Ատրպէյճան-Թուրքիա-Վրաստան եռակողմ համագործակցութեան ձեւաչափի կարեւորութիւնը։