image

Ուքրանիոյ Զինուած ուժերը հարուածած են Թոքմաք քաղաքը. 10 մարդ մահացած է, որոնցմէ 3-ը՝ երեխայ

Ուքրանիոյ Զինուած ուժերը հարուածած են Թոքմաք քաղաքը. 10 մարդ մահացած է, որոնցմէ 3-ը՝ երեխայ

Ուքրանիոյ Զինուած ուժերու կողմէ Զապորոժիէի մարզի Թոքմաք քաղաքի բնակելի հատուածի գնդակոծութեան հետեւանքով զոհերու թիւը հասած է 10-ի, անոնց մէջ կայ 3 երեխայ։ Այս մասին յայտնած է Զապորոժիէի մարզի ղեկավար Եւգենի Պալիցքի։

Անոր խօսքով՝ երկու մարդ անհետ կորած կը համարուի։ Եւս 13 տուժած հիւանդանոց փոխադրուած է։ Որոնողական աշխատանքները կը շարունակուին։

Ռուսիոյ քննչական կոմիտէն յայտարարած է, որ Ռուսիոյ Դաշնութեան քննչական կոմիտէի քննիչները պիտի պարզեն տեղի ունեցածի հանգամանքները, բոլոր ներգրաւուած անձերու գործողութիւններուն պիտի տրուի իրաւական գնահատական:

Թոքմաքը Զապորոժիէի մարզի ամենամեծ քաղաքներէն է, այն կը գտնուի Մելիթոփոլ քաղաքէն մօտ 60 քմ հեռաւորութեան վրայ։ Հարուածի հետեւանքով առանց կազամատակարարման մնացած է մասնաւոր հատուածի 25 եւ բազմայարկ հատուածի 9 տուն։