image

Ուքրանիա եւ Մոլտովա Եւրոպական Միութեան թեկնածութեան կարգավիճակ պիտի ստանան

Ուքրանիա եւ Մոլտովա Եւրոպական Միութեան թեկնածութեան կարգավիճակ պիտի ստանան

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլը վստահութիւն յայտնած է, որ Եւրոմիութեան անդամ պետութիւններու գագաթաժողովը ԵՄ-ին անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ պիտի տայ Ուքրանիոյ եւ Մոլտովային:

«ես վստահ եմ, որ այսօր մենք թեկնածուի կարգավիճակ պիտի տանք Ուքրանիոյ եւ Մոլտովային», ըսած է ան:

Յիշեցնենք, որ այսօր Պրիւքսէլի մէջ կը մեկնարկէ Եւրոմիութեան պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու երկօրեայ գագաթաժողովը, որու կարեւոր թեմաներն են ռուսական յարձակումը, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ եւ Մոլտովային՝ ԵՄ-ին անդամակցելու թեկնածուի կարգավիճակ տալը: