image
Հրատապ լուրեր:

Ուքրանիոյ հարցը կարելի է լուծել խաղաղ ճանապարհով. Ռուս գործիչ

Ուքրանիոյ հարցը կարելի է լուծել  խաղաղ ճանապարհով. Ռուս գործիչ

Ռուսիոյ Տումայի նախագահ Վիաչեսլաւ Վոլոտինը յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ մէջ իրավիճակը կրնայ լուծուիլ խաղաղ ճանապարհով, սակայն այդ մէկը ձեռնտու չէ ԱՄՆ-ին եւ կարգ մը քաղաքական գործիչներու, որոնցմէ է Մեծ Բրիտանիոյ հրաժարեալ վարչապետ Պորիս Ճոնսընը։

«Հասկնալի է, որ ստեղծուած իրավիճակը կրնայ լուծուիլ խաղաղ ճանապարհով: Բայց կը տեսնէք, որ այդ ձեռնտու չէ ո՛չ Միացեալ Նահանգներուն, եւ ո՛չ ալ անոնց հետ երգողներուն: Նոյն Անգլիան՝ Պորիս Ճոնսընը, խաղաղութեան կողմնակից չէ: Նման քաղաքական գործիչները, ի հարկէ, չեն մտածեր ապագայի մասին, եւ անտարբեր են ուքրանացիներու ճակատագրի նկատմամբ»,- «ՌԻԱ Նովոստի»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին ըսած է Վոլոտինը Փաւել Զարուպինին տուած հարցազրոյցին:

«Սա ճգնաժամ է, համակարգային ճգնաժամ, որ կը վերաբերի եւրոպական երկիրներու վերնախաւին եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն: Իմ կարծիքով, այս բոլորի հիմքը կը հանդիսանայ այն իրավիճակը, երբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները ձգտելով տիրել աշխարհին, պարզապէս ոչնչացուց Հին եւրոպական պետութիւնները, եթէ կ'ուզէք՝ հին Եւրոպան, բերելով երիտասարդ քաղաքական գործիչներ»,- աւելցուցած է Վոլոտինը: