Ողբերգական արկած Արագածոտնի մէջ. Կան զոհեր

Ողբերգական արկած Արագածոտնի մէջ. Կան  զոհեր

9 Հոկտեմբերին, խոշոր ու ողբերգական ինքնաշարժի վթար տեղի ունեցած է Արագածոտնի մարզին մէջ։ Այս մասին յայտնած է shamshyan.com-ը:

Ժամը 20․30-ի սահմաններուն Երեւան-Գիւմրի ճանապարհի 40 քմ հատուածին՝ Շամիրամ գիւղի վարչական տարածքին մէջ, բախած են Porsche Cayenne մեքենան եւ «ԶԻԼ» մակնիշի բեռնատարը։ 

Վթարի հետեւանքով 2 հոգի տեղւոյն վրայ մահացած է, եւ ըստ նախնական տեղեկութիւններու՝ կան նաեւ վիրաւորներ։  

Բախման հետեւանքով «ԶԻԼ»-ը կողաշրջած է։   

Ոստիկանութիւնն ու Քննչական բաժինը պարզած են մահացածներու, վարորդներու եւ վիրաւորներու ինքնութիւնը։   Գ․ Շամշեանի տեղեկութիւններով, մահացածները վարորդներն են, վիրաւորներն ալ՝ Porsche Cayenne-ի վարորդի հարազատները։