13 Տարի առաջ այս օրը իր մահկանացուն կնքեց արաբական բանաստեղծութեան անմահանուն բանաստեղծներէն մին՝ Մահմուտ Տարուիշը։
Տարուիշ արաբ եւ յատկապէս պաղեստինցի երիտասարդութեան համար դարձած է խորհրդանիշը ՝սիրոյ, կեանքի եւ ու յատկապէս պաղեստինեան դատին:
Յիշեցնենք, որ Տարուիշ 1982 թուականին Պէյրութի մէջ ապրած ու ականատեսը եղած էր Իսրայէլի կողմէ Պէյրութի գրաւման ու պաշարման ու այդ առթիւ իր տպաւորութիւնները տուած էր թուղթին:
Սրտի խնդիրներ ունեցող Տարուիշ կը մահանար 2008-ին ԱՄՆ-ի մէջ սրտի դժուար վիրաբուժական գործողութեան մը ենթարկուելէ անմիջապէս ետք։