image

Վարդանանցը յաղթանակի շունչով ապրելու օր է... (Լուսանկարներ)

Վարդանանցը յաղթանակի շունչով  ապրելու օր է... (Լուսանկարներ)

  Լիբանանահայ օգտատէր Սագօ Գասապեան կը գրէ ՝

Վարդան Մամիկոնեանի եւ անոր ղեկավարած 60 հազարնոց հայկական զօրքի մասին, անոնց կերտած բարոյական յաղթանակի մասին սորված ենք մանկապարտէզէն, տունէն, դպրոցէն, եկեղեցիէն։ 

Դարեր շարունակ յաղթանակի այս շունչը սերունդէ սերունդ փոխանցուած, հասած է սերունդի մը որ հազար տանջանք-զրկանք տեսնելով հանդերձ, նոյն այդ յաղթանակի ոգին իւրացուցած, եւ խօսքը գործի վերածելով, բարոյական յաղթանակը վերածած է իսկակա՛ն յաղթանակի՝ կերտած է Ազատ Անկախ Ինքնիշխան Հայաստան՝ Պանք Օթոմանի  ռումբի տրաքումէն մինչեւ Նեմեսիսի տասնոցներուն  ձայնը...։

Այսօր լիցքաւորուելու օր է, օրուան խորհուրդը յարգելով այցելեցի դաշնակցական   անմահանուն  ֆետայի Վարդան Շահպազի՝ Պանք Օթոմանի Մինաս Տօնիկեանի շիրիմը. այցելեցի նաեւ անոր կողքին գտնուող մեծերուն՝ Վահան Փափազեանի, Լեւոն Շանթի եւ Արշակ Յովհաննիսեանի շիրիմները, մոմ եւ խունկ վառեցի իմ եւ ընկերներուս կողմէ, գիտցած աղօթքներս ալ ըրի, եւ խնդրեցի գալիք օրերու Յազկերտներու եւ անոնց փիղերուն դիմակայելու ոյժ եւ կորով։