image

Թուրքիոյ մէջ սղաճը հասած է 1995-էն ի վեր մրցանշային ցուցանիշի

Թուրքիոյ մէջ սղաճը հասած է 1995-էն ի վեր մրցանշային ցուցանիշի

Թուրքիոյ մէջ Յունիսին սղաճի մակարդակը հասած է 1995 թուականէն ի վեր մրցանշային ցուցանիշի, գրած է Karar թերթը:

Թերթին կարծիքով` այդ կառավարութեան միջոցառումներու ձախողման հետեւանք է, որ կը խոստանար կայունացնել իրավիճակը` անցում կատարելով տնտեսական քաղաքականութեան` շեշտը դնելով ապատոլարայնացման վրայ:

Անցեալ Երկուշաբթի հրապարակուած Ազգային վիճակագրական հիմնարկի տուեալներու համաձայն` Յունիսին Թուրքիոյ մէջ տարեկան կտրուածքով սղաճը կազմած է 78,62%: Միաժամանակ սղաճի վերլուծութեան խումբի անկախ փորձագէտները նշած են, որ այն կազմած է 175,55%: